Ազգային Տուրք
Մեկնելով Ազգային Սահմանադրութեամբ ճշդուած «Ազգային Տուրք»-ի ընբռնումէն, Հիւսիսային Էմիրութեանց երկրորդ Ազգային Վարչութիւնը 1982-էն մինչեւ 1984-ի իր գործունէութեան ժամանակաշրջանին որոշեց կիրարկել Ազգային Տուրքի դրութիւնը տարեկան յաճախականութեամբ անդամատուրք մը գանձելով 21 տարիքը ամբողջացուցած գաղութի իւրաքանչիւր անդամէն, առանց սեռի եւ համայնքի խտրութեան: Ի տարբերութիւն Հայկական այլ գաղութներէ, այստեղ բնակող Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ զաւակները նոյնպէս ենթակայ կը դառնային նոյն օրէնքին եւ հետեւաբար Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ զաւակներուն հետ համահաւասար իրաւունքներով կը մասնակցին գաղութային կեանքին ու կազմակերպական աշխատանքներուն: Վերոյիշեալ նոյն ըմբռնումներէն մեկնելով, իր կարգին,Ազգային Վարչութիւնը 1987–էն սկսեալ տարեկան հերթականութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նկատմամբ իր նիւթական պարտաւորութիւնը կը կատարէ իբրեւ Աթոռատուրք: Ազգային Տուրքի նուազագոյն սակն է` 100...
Read More