Անցնող 3 շաբաթներու ընթացքին Տուպայի եւ Հիւսիսային էմիրութեանց Ազգային Վարչութեան Երիտասարդական եւ Մարզական Յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ վերսկսաւ երիտասարդական հաւաքը Բիէր Քէօսէեան սրահէն ներս, գաղութի պատանիներուն ու երիտասարդներուն համար մշակուած յատուկ ծրագրով:

Ամէն Կիրակի երեկոյեան ժամը 18:00 – 22:00 (Րամատանին 17:00 – 22:00) Քէօսէեան սրահին դռները բաց են բոլոր հայ երկսեռ պատանիներուն եւ երիտասարդներուն, որպէսզի հայկական մթնոլորտի ու ընկերային ուրախ միջավայրի մէջ ունենան իրենց հաւաքները եւ միասնաբար վայելեն հաճելի ժամեր: Արդէն նշմարելի է սրահէն ներս հետզհետէ աճող ներկայութիւնը:

Կոչ կ’ուղղենք բոլոր ծնողներուն որ քաջալեր հանդիսանան Երիտասարդական եւ Մարզական Յանձնախումբի նախաձեռնութեան, եւ իրենց զաւակները ուղարկեն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Համալիր, որպէսզի միասնաբար հայկական ու տոհմիկ մթնոլորտի մէջ զանազան տեսակի խաղերով եւ զուարճալի ծրագիրներով անցնեն իրենց ժամերը: