Երեքշաբթի, 3 Մարտ 2015-ին գիշերուայ ուշ ժամուն, Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տէր Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան երկօրեայ այցելութեամբ մեկնեցաւ Քաթար, ուր հանդիպումներ ու ժողովներ պիտի ունենայ նորանշանակ Ազգային Վարչութեան եւ նորընտիր Ազգային Երեսփոխաններուն հետ միասնաբար քննարկելու յառաջիկայ Ազգային Վարչութեան ծրագիրները եւ գաղութը յուզող հարցերը:
Յայտնենք թէ Հայր Սուրբին, Ազգային Երեսփոխաններու եւ Ազգային Վարչութեան մնայուն մտահոգութիւնն է Տոհայի մէջ հողաշերտ մը ունենալու հրամայականը, եւ բնականաբար այս խնդրի առնչութեամբ Հայր Սուրբը յաճախակի իր այցելութիւններու ընթացքին տեսակցութիւններ կունենայ պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու հետ վերյիշեցնելու հողի հարցը:
Հայր Սուրբը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ կը վերադառնայ Հինգշաբթի երեկոյեան:
Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի