Արաբական Միացեալ էմիրութեանց եւ Քաթարի թեմը 13-20 Մայիս 2015-ին հիւրընկալեց հայկական Կենտրոն կայանի թղթակիցները, գլխաւորութեամբ Հայկական Հետք Ծրագրի պատասխանատու Ռուզզանայ Ղազարեանի:
Մէկ շաբթուայ ընթացքին վերոյիշեալ թղթակիցները նկարահանումներ կատարեցին Ապու Տապիի Ազգային Առաջնորդարանի ու Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ Շարժայի Կեդրոնի եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ:
Այս առիթով իւրայատուկ հարցազրոյց ունեցան Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տէր Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեանի հետ, Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի ատենապետին, գործադիր վարչութեանց զոյգ ատենապետներուն, ինչպէս նաեւ այլ ազգայիններու եւ բարերարներու հետ:
Նշենք թէ սոյն յայտագիրը մօտ օրէն պիտի սփռուի Կենտրոն կայեանէն, այս առումով ձեզ տեղեակ կը պահենք սփռման օրուան եւ ժամուան մանրամասնութիւնները:
ԴիւանԱզգային Առաջնորդարանի