Կազմակերպութեամբ Տուպայի Լիբանանի Հիպատոսարանին Երկուշաբթի, 17 Նոյեմբեր 2014-ին երեկոյեան ժամը 8:00-ին տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն ի պատիւ Լիբանանի Հանրապետութեան Վարչապետի եւ անոր ընկերակցող նախարարներուն:
Շրջանի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հայր Սուրբը յատուկ հրաւէր ստանալով Տուպայի հիւպատոսարանէն սոյն ընդունելութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ: Այս առիթով Հոգեշնորհ Հայր Սուրբը ողջունեց Լիբանանի Հանրապետութեան Վարչապետը եւ յաջողութիւն մաղթեց յանուն հայ համայնքին եւ Ազգային Իշխանութեանց անոր յառաջիկայ քաղաքական ծրագիրներուն: