gir1Շարժայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցը հիմնուած է 28 Սեպտեմբեր 2001-ին:

2001-էն մինչեւ 2009 թուական Կիրակնօրեայ վարժարանի դասընթացքները տեղի կ’ունենային Ուրբաթ առաւօտները ժամը 11:30-էն 13:00 իսկ 2009-էն սկսեալ  ամէն Հինգշաբթի ժամը 5:30-էն 7:00: Տէրունական աղօթքով եւ վարժարանի քայլերգով բացումը կը կատարուի հոգեւոր կրթական օճախին:

Մէկուկէս ժամուայ տեւողութեամբ աշակերտները բաժնուած 4 դասարաններու սկսնակ, կրտսեր, միջին, պատանի: Յայտագիրը կ’ընթանայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ պատրաստած Հայաստանեայց եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ վարժարաններու ուղեցոյցին ու ծրագրին համաձայն` լսարանային եւ դասարանային բաժանումներով: Կը դասաւանդուին Ս. Գրային, ծիսական, բարոյագիտական գիտելիքներ, աղօթքներ, սաղմոսներ, մաղթանքներ, հայ եկեղեցւոյ ընդհանուր տօներու մասին տեղեկութիւն, սուրբերու եւ եկեղեցական արարողութիւններու մասին ամփոփ բացատրութիւններ:

Վարժարանի ծրագրին մաս կը կազմեն տարեկան կրթադաստիարակչական ձեռնարկները, ինչպէս զարգացման մրցում, թատրոն, ձեռային աշխատանք, ուսանելի խաղեր, խրախճանք, կը բաժնուին կրօնական յուշանուէրներ, իւրաքանչիւր տարեշրջանի կը կատարուի ամավերջի հանդէս որ ինքնին պերճախօս վկայութիւն է տարուած տարեկան աշխատանքին:

Վարժարանի ուսուցչական կազմը իր մասնակցութիւնը բերած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ընդհանուր Վարիչ Տնօրէնութեան եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մէջ Ս. Գրային Ընկերակցութեան կազմակերպած համագումարներուն ու հանդիպումներուն:

Վարժարան կը յաճախեն 3-16 տարիքը բոլորած հայ մանուկներն ու պատանիները:

2001-2007 տարեշրջանին` դպրոցը ունեցած է 4 ուսուցչուհի եւ 55 աշակերտ

2007-2008 տարեշրջանին` 1 ուսուցչուհի եւ 52 աշակերտ

2008-2010 տարեշրջանին` 3 ուսուցչուհի եւ 52 աշակերտ

2010-2011 տարեշրջանին` 5 ուսուցչուհի եւ 75 աշակերտ

2011-2012 տարեշրջանին` Տնօրէն, 6 ուսուցչուհի եւ 83 աշակերտ:

2010-2011 տարեշրջանին վարժարանը ունեցաւ նոր դասարան մը որ նախատեսուած է 12-16 տարեկան պատանիներու համար. անոնք արդիական եւ հետաքրքրական մեթոտներով Աստուածաշունչի եւ հոգեւոր նիւթերու մասին կը զրուցեն:

Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ վարժարանի վերին պատասխանատուութիւնը ստանձնած է եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդը: Քահանայ Հայրը պարբերաբար վարժարանի գործունէութեան մասին կը զեկուցէ Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Տէր Շահէ եպս. Փանոսեանին: Ան իր հերթին հայրական յորդորներով եւ տարբեր առիթներով կ’այցելէ եւ կը նախագահէ կիրակնօրեայ վարժարանի հանդիսութիւններուն իր պատգամներով կը ոգեւորէ ուսուցչական կազմն ու աշակերտութիւնը եւ ի պահանջեալ հարկին ներկայ կ’ըլլայ կիրակնօրեայ վարժարանի դասաւանդութեանց:

Վարժարանը կը պահէ ներկայութեան ստուգման դրութեան տետրակը, տարուան աւարտին նուազ բացակայութիւն արձանագրած աշակերտները կը ստանան կրօնական դրոշմով նուէրներ (գիրք, խաչ, CD, DVD):

Կիրակնօրեան կ’օգտագործէ Կաթողիկոսարանի կողմէ պատրաստուած ուղեցոյցը եւ այլ կրօնական ու հոգեւոր բովանդակութեամբ գրքոյկներ, Քահանայ Հօր հաւանութեամբ եւ թելադրութեամբ:

Կիրակնօրեայ Վարժարանին հետ կապուելու համար կրնաք գործածել հետեւեալ ե-հասցէն SundaySchool@EmaHay.com

 

Ողջոյնի Խօսք

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցի

Կ’ապրինք դարու մը մէջ, ուր բարոյական սկզբունքները հիմնովին փոխուած են, բարութեան գործերը գրեթէ չքացած: Մարդիկ իրենց վնասակար կենցաղավարքով դառնացուցած են կեանքը ու մարդկութիւնը կ’առաջնորդեն անորոշ ապագայի:

Մարդկային կեանքը առանց կրօնական առողջ դաստիարակութեան, Աւետարանի ուղիղ գիտելիքներու ծանօթութեան անկասկած կը թերանայ իր կոչումի առաքելութենէն:

Կեանք կոչուած իրականութիւնը լեցուն է այնպիսի փորձանքներով եւ անակնկալներով, որոնցմէ չտարուելու համար, մարդիկ պէտք է օժտուած ըլլան դիմադրական աննահանջելի զօրութեամբ:

Այս ահռելի մթնոլորտին մէջ, ուր իր օրուան հոգերով եւ գոյատեւելու հզօր կամքով կը պայքարի սփիւռքի մէջ ցանուցիր հայ ժողովուրդը, ահաւասիկ կիրակնօրեայ դպրոցը կու գայ իր հնարաւոր միջոցներով ու սահմաններով ամուր կռուանի վրայ դնել մեր նոր սերունդը:

Մեր ժողովուրդի զաւակները իրենց մատղաշ տարիքին պէտք է կրթուին եւ դաստիարակուին քրիստոնէական կրօնի սկզբունքներով: Մանուկները կիրակնօրեայ դպրոց առաջնորդելը քրիստոնեայ մարդուն, հայուն ամենէն նուիրական ու սրբազան պարտականութիւններէն մէկն է:

Կիրակնօրեայ դպրոց յաճախող հայ աշակերտը հաղորդակից պիտի ըլլայ Աստուծոյ կեանքին, Քրիստոսի Աւետարանին եւ մեր եկեղեցւոյ Սրբազան հայրապետներու աղօթքներուն շարականներուն, պատմութեան ու գործունէութեան: Անոր մէջ հայ աշակերտը պիտի առաջնորդուի իր հայրերու քայլերով:

Սիրելի ծնողներ, մանկութենէն մինչեւ պատանեկութիւն երկարող տարիներու ժամանակաշրջանը ամենէն յարմար առիթը կը կազմեն կրօնական կրթութեան, տպաւորելով մեր զաւակներուն մտքին մէջ ծնողաց սիրոյն ու յարգանքին անհրաժեշտութիւնը, մեծերը յարգելու պարտքը, ընկերութեան կենսունակութիւնը եւ հաղորդութիւնը հանդէպ մեր Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ, որու ծոցին մէջ պիտի սորվին հոգեւոր, ազգային ժառանգութիւնը, բարեպաշտական սովորութիւններ ու աւանդութիւններ եւ ապագային պիտի գիտակցին թէ առանց հոգեւոր կրթութեան պիտի չկրնան յաղթահարել դժուարութիւնները կեանքին ու այսօրուան աշխարհի:
Սիրելի ուսուցչուհիներ, ձեզի պիտի յանձնուին հրեշտականման մանուկներ, այնպիսի զգայուն տարիքի մը մէջ փխրուն նկարագրով որ պիտի ջանաք շահիլ իրենց վստահութիւնը: Ձեզի կը մնայ դասը սիրցնել, խորապէս տալ աշակերտին, որովհետեւ եթէ ան սէր չունենայ իր առած դասին հանդէպ ի զուր պիտի ըլլայ որեւէ տեսակ ջանք:

Կիրակնօրեայ դպրոցին պարտքն է իր խնամքին վստահուած ներկայ աճող սերունդը հաւատարմօրէն կրթել ու դաստիարակել, հայ եկեղեցւոյ կեանքին եւ գոյութեան հետ կապ ունեցող սկզբունքներու համաձայն:
Ահաւասիկ խումբ մը կամաւոր ու նուիրեալ անձինք կը գործեն կիրակնօրեայ դպրոցի նուիրական անդաստանէն ներս, ջամբելով հայ մանուկին կրօնաբարոյական անհրաժեշտ դաստիարակութիւն:

Անշուշտ այս բոլորը պայմանաւորուած են քրիստոնէական սիրով եւ հաւատքով, առանց որոնց կարելի չէ դաստիարակել գործը յառաջ տանիլ:
Ահա այս հեռանկարով է որ կ’ողջունեմ ներկայութիւնը Շարժայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցին, քաջ գիտնալով որ այդ հոգեւոր հաստատութիւնը պիտի քաջալերէ եւ գնահատէ քրիստոնէական առողջ դաստիարակութեան նուիրական մեծ ու սրբազան գործին:
Վստահ ենք որ հայ ծնողներ կը քաջալերեն իրենց սիրասունները առողջ կրթութեան:

Արամ Քհնյ. Տէյիրմէնճեան
Հոգեւոր Հովիւ Արաբական
Միացեալ Էմիրութեանց
Հայ Համայնքին

 

Շարժայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Վարժարանի Բացման Առթիւ

Հովանաւորութեամբ Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի երկիրներու թեմի Կաթողիկոսական փոխանորդ, Գերշ. Տ. Եփրեմ Ս. Արք. Թապագեանի, կազմակերպութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Արամ Քհնյ. Տէյիրմէնճեանի, Հիւսիսային Էմիրութեանց Ազգային վարչութեան եւ գործակցութեամբ Թաղական խորհուրդին, Շարժայի Հայ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը ծնէր Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ վարժարանը իր ուսուցչական կազմով ու աշակերտութեամբ:

Ուրբաթ 28 Սեպտեմբեր 2001-ի ժամը 11:30-ին Քրիստոնէաբոյր հոգեւոր կրթական օճախին բացումը կատարուեցաւ Փիէր Քէօսէեան սրահին մէջ ներկայութեամբ գաղութիս ծառայասէր, ազնուափայլ կամաւոր ուսուցչուհիներու եւ մասնակցութեամբ աւելի քան 25 աշակերտ-աշակերտուհիներու:

Կիրակնօրեայ վարժարանի բացումը կատարուեցաւ Տէրունական աղօթքով եւ աշակերտութեան ներկայութեան ստուգումով: Ուսուցչութեան պարտականութիւնը ստանձնած էին չորս աշխոյժ ու խանդավառ դասատուներ:

Նոյն օրը գեղեցիկ զուգադիպութեամբ, Սրբազան Հայրը կը գտնուէր Շարժա, ուրբաթօրեայ առաւօտեան Ս. Պատարագի արարողութեան նախագահելու: Քարոզի պահուն Սրբազանը ջերմապէս ողջունեց ու շնորհաւորեց բարձր գնահատելով Կիրակնօրեայ վարժարանին ստեղծումը: Ան իր օրհնութեան խօսքին մէջ բացատրեց տարբերութիւնը, կարեւորութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը Կիրակնօրեային եւ Հայ վարժարանին, իսկ քարոզէն անմիջապէս ետք ան այցելեց Կիրակնօրեայ վարժարան եւ իր հայրական թելադրանքը կատարեց մեր սիրասուններուն, շեշտելով կիրակնօրեային դերը սփիւռքեան կեանքին մէջ, որպէս հոգեւոր հաստատութիւն:

Յաջորդ Ուրբաթ 5 Հոկտեմբերին մթնոլորտը խանդավառ էր: Ուսուցչուհիները իրենց տրամադրութեան տակ արդէն ունէին դասաւանդութեան տարեկան ծրագիրը` որպէս ուղեցոյց պատրաստուած Կիրակնօրեայ վարժարաններու ընդհանուր վարիչ տնօրէնութենէն: Ամբողջ մէկ ժամուայ ընթացքին աշակերտները ծանօթացան, սորվեցան կրօնական թեմայով երգեր, արտասանութիւններ ու պատմուածքներ: Դասաւանդութենէն ետք անոնք ներկայ եղան նաեւ Սուրբ Պատարագի արարողութեան եւ ստացան Սուրբ հաղորդութիւն:

Քանի մը ամիսներու ընթացքին մերթ ընդ մերթ համալիրի դահլիճին մէջ խորհրդակցական շինիչ հանդիպումներ տեղի ունեցան կիրակնօրեայ վարժարանը յուզող հարցերու շուրջ, որոնց ընթացքին գաղութիս հոգեւոր հովիւը իր թելադրութիւնները եւ ուղղութիւնները փոխանցեց ուսուցչական կազմին:

Ահաւասիկ բացման հանդիսութենէն մօտաւորապէս 11 տարուան փորձառութենէն մեկնած կրնանք հաստատապէս վկայել աշակերտութեան թիւի ներկայութեան աճը: Այժմ դպրոցը ունի 83 աշակերտ — աշակերտուհիներ, տնօրէն եւ 6 մնայուն ուսուցչուհիներ: Հոգեւոր լսարանի յայտագիրը կը բաղկանայ կրօնաշունչ երգերէ, հոգեւոր ոսկեղէն համարներէ, Սուրբ գրոց եւ բարոյալից դրուագներու դասաւանդութենէ, որոնք կ’երգուին, կ’արտասանուին եւ կ’ունկնդրուին դպրոցի աշակերտութեան կողմէ: Այո Կիրակնօրեան գեղեցիկ նախաձեռնութիւն է, որ ուրոյն տեղ կը գրաւէ շրջանէս ներս ծաւալած կրօնաբարոյական դաստիարակութեան գործունէութեան կողքին, եւ Հայ մանուկը կ’առաջնորդէ առ Քրիստոս եւ առ ազգն հայկազնեան ու եկեղեցին Հայաստանեայց:

Այստեղ է որ մանուկին խիղճը պիտի մշակուի քրիստոնէական ճշմարտութիւններով, հոգեւոր ու ազգային պատմութեան նշխարներով, որոնք ընդհանրապէս մաս չեն կազմեր մեր դպրոցներու ուսումնակրթական ծրագիրներուն:

Մարդկային կեանքի ամենէն նուիրական եւ Սուրբ իրագործումներէն մէկը եթէ ոչ գլխաւորագոյնը երեխաներուն կրօնական եւ ազգային դաստիարակութիւնն է: Բոլորս ալ գիտենք, որ այսօրուան մանուկը վաղուան ազգն ու եկեղեցին կերտողը պիտի ըլլայ: Հետեւաբար անոր բծախնդիր ու ճշգրիտ կրթութեամբ կ’երաշխաւորուի հայ սերունդին ապագան:

Թող Աստուած օրհնէ ձեզ եւ ձեր գործը եւ ձեզի պարգեւէ առողջութիւն եւ անսպառ կամք, որպէսզի կարենաք միշտ հաւատքով շարունակել ձեր Աստուածահաճոյ ծառայութիւնը:

 

Արամ Քհնյ. Տէյիրմէնճեան
Հոգեւոր Հովիւ Արաբական
Միացեալ Էմիրութեանց
Հայ Համայնքին