church-1Հոգեշ. Տ. Օշական Վրդ. Չօլոյեան առաջին անգամ 1979 թուականին կ՛այցելէ Շարժա-Տուպայ, Քուէյթի Ազգ. վարչութեան  անդամներէն Մելիք Մելիքսէթեանի եւ կարգ մը ազգայիններու հետ,   23 Դեկտեմբեր 1979ին տեսակցութիւն կ՛ունենայ Շարժայի Շէյխին՝ Մուհամէտ Էլ Քասիմիի անձնական խորհրդականին՝ Ապտալլահ Ճումաա Մութաուայի հետ, պաշտօնական տեսակցութեան ընթացքին ան կը խօսի  հայութեան համար հաւաքավայր մը ունենալու մասին:  Ատկէ ետք, այդ ուղղութեամբ նախնական որոշ աշխատանքներ տարած է առաջին Ազգային Վարչութիւնը: 1980ական թուականներուն իրերայաջորդ Ազգային վարչութիւնները եւ ազդեցիկ ազգայիններ հետապնդած են հայ համայնքին պաշտօնական ճանաչում ապահովելու եւ կեդրոն  ունենալու հարցը՝ երկրի ընձեռած օրէնքներու շրջագիծին մէջ:

Որոշ ենթահող մը արդէն պատրաստուած էր, երբ գործնական աւելի լուրջ աշխատանքները կը սկսին 1995ին:

Ծոցի գաղութներուն համար պատմական բացառիկ առիթ կ՛ըլլայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին այցելութիւնը: 9-16 Մարտ 1995ին Կաթողիկոսը իր անդրանիկ հովուապետական այցելութիւնը կը կատարէ Քույէթի եւ Արաբական Ծոցի էմիրութիւններու նոր թեմին:  Էմիրութիւններու մէջ պետութեան հիւր որպէս, Վեհափառը կ՛արժանանայ համապատասխան ընդունելութեան: 15 Մարտին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Գերագոյն Խորհուրդի անդամ եւ Շարժայի Կառավարիչ Շէյխ Սուլթան Մուհամմէտ Ալ-Քասիմի հետ վեհափառը տեսակցութիւն կ՛ունենայ, եւ հայ համայնքին հողակտոր մը տրամադրելու  գրաւոր դիմում կը ներկայացնէ անոնց:

Այս տեսակցութիւններէն ետք  Հիւսիսային էմիրութեանց  Ազգային Վարչութիւնը կը շարունակէ հետապնդել գործը: Վարուժան Ներկիզեան եւ Հայկազ Թահմազեան իրենց յարաբերական կապերու շնորհիւ կարեւոր ներդրում կ՛ունենան այդ գործին մէջ:

Ընդառաջելով Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի խնդրանքին, 16 Ապրիլ 1996ին, Շարժայի կառավարիչ դոկտ. Շէյխ Սուլթան Պին Մոհամմէտ Ալ-Քասիմի պաշտօնական նամակով  հայ համայնքին կը յատկացնէ հողակտոր՝ եկեղեցի կառուցելու արտօնութեամբ:  Այսպիսով, փաստօրէն, տեղաբնակ հայութիւնը կը ճանչցուի որպէս համայնք՝ ազգային հաստատութիւներ հիմնելու իրաւասութեամբ:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հովուապետական առաջին այցելութիւնը տուած է   գաղութին Ապրիլ 1997ին, Ծայրագոյն Արեւելք երթի ճամբուն վրայ:  Հիւսիսային Էմիրութեանց Ազգ. Վարչութիւնը օգտուելով այս առիթէն, խորհրդակցաբար Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Չօլոյեանի անմիջական աջակցութեամբ եւ ցուցմունքներով  կազմակերպած է եկեղեցւոյ հիմնարկէքը ( 3 Ապրիլ 1997):

1998ին Վեհափառ Հայրապետը իր շքախումբին հետ 14 Նոյեմբերին կը ժամանէ  Շարժա, եւ յաջորդ օրը կը կատարէ եկեղեցւոյ օծումը՝ ընդառաջելով  տեղւոյն Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Եպս. Սարգիսեանի եւ Ազգային Վարչութեանց հրաւէրին:

1995-1998 տարիներուն, Հիւսիսային էմիրութեանց ազգայիններու աշխատանքով եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց ու Քուէյթի ազգայիններու նուիրատուութիւններով կը կառուցուի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ  եկեղեցին:

Անմիջապէս ետք Ազգ. Վարչութիւնը կը յառաջացնէ «Շարժայի Եկեղեցւոյ Շինութեան Կեդրոնական Յանձնախումբ»ը, կազմուած՝ Հիւսիսային Էմիրութեանց Թեմականի եւ Ազգային վարչութեան անդամներով. Վարուժան Ներկիզեան, Նշան Պասմաճեան, Սեպուհ Արմենակեան, Պետրոս Ասլանեան, Հրայր Սողմոնեան, Սեպուհ Մանճիկեան, Մուշեղ Պետիրեան, Հայկազ Թահմազեան,  Սեդրակ Մեշէճեան, Յովհաննէս Պատաշեան:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը, 3 Ապրիլ 1997ին կը կատարէ եկեղեցւոյ հիմնարկէքը, եւ այդ առիթով կը պատուիրէ  շինարարական աշխատանքները աւարտել 15 Նոյեմբեր 1998ին:

Յանձնախումբը, որուն ժողովներուն գրեթէ ամէնուն կը նախագահէ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Չօլոյեան, յատակագիծի պատրաստութիւնը կը յանձնէ շարժաբնակ-Ֆրանսահայ Ճարտարապետ  Բաբգէն Այվազեանին: Շնորհիւ Սրբազանին ցուցմունքներուն, ճարտարապետին անվերապահ աջակցութեան եւ Յանձնախումբին բծախնդրութեան կարելի կ՛ըլլայ Շարժայի քաղաքապետարանին ընդունիլ տալ եկեղեցին հայկական ոճով կառուցելու նախագիծ-ծրագիրը: Ճարտարապետ Բ. Այվազեան սիրայօժար  կերպով, ծայրայեղ բծախնդրութեամբ եւ առանց նիւթական որեւէ վարձատրութեան, ոչ միայն  կը պատրաստէ քարտէսները, այլեւ կը հետեւի եկեղեցւոյ կառուցման  բոլոր հանգրուաններուն: Կառուցուելիք եկեղեցւոյ 16 սիւներու համար կարելի կ՛ըլլայ ունենալ 16 կնքահայրեր, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը նուիրէ 100.000 տիրհամ: Ստորեւ կը ներկայացնենք եկեղեցւոյ բարերաներու եւ կնքահայրերու անուանացանկը՝

• Պրն. Պետրոս Ասլանեան

• Պրն. Հայկազ Թահմազեան

• Պրն. Յարութիւն Օհաննէսեան

• Պրն. Յովհաննէս Պատաշեան

• Պրն. Վարուժան Ներկիզեան

• Պրն. Պօղոս Շահան Բարսէղեան

• Պրն. Մէլիք Մէլիքսէթեան

• Պրն. Աւետիս Մոմճեան

• Պրն. Կիրակոս Տարագճեան

• Պրն. Վաչէ Տիքիճեան

• Տիկ. Լենա Հատաճեան

• Պրն. Զարեհ Թիւթիւնճեան

• Պրն. Ճոն Վահանեան

• Պրն. Արա Քէօսէեան

• Տիկ. Թամար Տէր Յովհաննէսեան

• Պրն. Հրայր Սողոմոնեան

• Գուրգէն Քիւրտօղլեան

• Զօհրապ Թէփէրճեան

 

15 Նոյեմբեր 1998ին, Արամ Ա.  Կաթողիկոսը կը կատարէ նորակառոյց եկեղեցւոյ օծումը:  Աւելի քան 2000 հայեր ներկայ կ՛ըլլան օծման:

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին կը գտնուի Շարժայի Եարմուք թաղամասին մէջ, Ալ Տաահաք պըն Հարըթհահ փողոց 26, թիւ 32: Նշենք որ նոյն թաղամասին մէջ կը գտնուին Շարժայ էմիրութեան բոլոր եկեղեցիները:

Եկեղեցւոյ արեւմտեան մուտքի ճակատին, կամարաձեւ,  հայերէն երեք տողերու գրութիւնը հետեւեալն է. «ՇԻՆԵՑԱՒ ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑԻՍ Ի ՀԱՅՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ /Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ  ՅԱՌԱՋՆՈՐԴՈՒԹԵԱՆ / Տ. ՕՇԱԿԱՆ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՉՕԼՈՅԵԱՆԻ ՅԱՄԻ ՏԵԱՌՆ 1998, Ի ՇԱՐԺԱ, Ա. Մ. Է.»: Գմբէթին վրայ խաչ չկայ: Եկեղեցին ունի զանգակատուն, բայց զանգ չունի:

Եկեղեցւոյ բակին մէջ, արեւմտեան մուտքի ձախ կողմը, կայ Ապրիլեան Նահատակաց Յուշակոթող-խաչքար: Նուիրուած է Հայաստանաբնակ Սուքիասեան ընտանիքին  կողմէ կ՛անուանուի «Ապրիլեան Նահատակաց  Յուշակոթող»:

Հայկական եկեղեցի-համալիրը ցարդ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մէջ միակ  հաւաքական իրագործումն է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քուէյթի եւ Արաբական միացեալ էմիրութեանց թեմին, գաղութի ժողովուրդին եւ բուռ մը նուիրեալ ազգայիններու:

Սեպտեմբեր 1998էն Արժ. Տէր Արամ Քհնյ. Տէյիրմէնճեան Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մնայուն հոգեւոր հովիւ կը նշանակուի, ան երկշաբաթեայ դրութեամբ կը մատուցէ Ս. Պատարագ:  Ս. Ծննդեան նշումը, Մեծ Պահքի արեւագալի եւ հսկումի, Աւագ շաբթուան արարողութիւնները եւ կրօնական աւանդական տօնակատարութիւնները կը կատարուին իրենց ճշգրիտ թուականներուն: 2000ին պատարագները Չորեքշաբթի օրերու փոխարէն կը մատուցուին Ուրբաթ առաւօտները: Կիրակին սուրբ եւ նուիրական պահելու խորհուրդէն մեկնած՝ Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Կիրակի առաւօտները կը կատարուի առաւօտեան ժամերգութիւն:

1999 էն սկսած ամէն տարի կը նշուի Եկեղեցւոյ օծման տարեդարձը Նոյեմբեր ամսուան մէջ: Այդ առիթով տեղի կ՛ունենան աւանդական արարողութիւններ թաղական խորհուրդի հսկողութեամբ եւ աշխատանքով մատաղօրհնէք ու հերիսայի բաշխում:

Շնորհիւ Տէր Հօր ջանքերուն եկեղեցին կ՛ունենայ նաեւ դպրաց դասի կազմակերպուած խումբ:  Քաջալերուած՝ Տէր Հայրը կը կազմէ քառաձայն երգչախումբ: Պատարագի երգեցողութիւնը ներկայիս կը կատարէ դպրաց դասը որոնք կը բաղկանան երկսեռ անդամներէ, որոնք կը մասնակցին Ս. Պատարագի երգեցողութեան, խմբավարութեան պաշտօնը ստանձնած է Պրն. Միհրան Բեյնիրճեան:

Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած են ձեռնադրութիւններ:  1999ին, Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Եպս. Սարգիսեանի նախաձեռնութեամբ Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, եկեղեցւոյ երկարամեայ ծառայութեան որպէս գնահատանք ուրար կրելու իրաւունք կը տրուի երեք դպիրներու՝  Նշան Պասմաճեան, Վիգէն Գլընճեան, Սեպուհ Մանճիկեան, որոնք 31 Ապրիլ 2006ին կը ձեռնադրուին սարկաւագ, ձեռամբ՝ թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Տէր Կորիւն Արք. Պապեանի:  12 Նոյեմբեր 2004ին, ձեռամբ Գերշ. Տ. Կորիւն Արք. Պապեանի՝ չափահաս եւ կրտսեր 15 հոգի դպիրի աստիճան կը ստանան, եւ չորս հոգի կիսասարկաւագութեան աստիճանի կը բարձրանան՝ Խաժակ Յովսէփեան, Վարդան Պաղտուտ, Աբրահամ Աքէմեան եւ Սերոբ Կերճիկեան:

Նկատի առած շրջանին մէջ կաթողիկէ եկեղեցւոյ անդամներուն ներկայութիւնը թեմի առաջնորդին արտօնութեամբ եւ պատգամ մարմիներու հաւանութեամբ ամէն տարի Դեկտեմբեր 24ի երեկոյեան Ս. Ծննդեան ճրագալոյցի հանդիսաւոր Պատարագ կը մատուցուի:

Եկեղեցւոյ մէջ պատարագած եւ քարոզած են բարձրաստիճան հայ եւ օտար կղերականներ:

22 Սեպտեմբեր 2000ին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ օրհնուած է հայկական եռագոյն դրօշը նախքան բարձրացուիլը երկրի մայրաքաղաքին՝ Ապու Տապիի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նորաբաց դեսպանատան շէնքին վրայ:

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ գաղութի հայութեան իրենց օրհնութեան եւ սրտի խօսքը ուղղած են Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս եւ Հայաստանի նախագահ Ռոպէրթ Քոչարեան: Եկեղեցի այցելած եւ  ժողովուրդին հետ հանդիպում ունեցած են Հայաստանի նախարարներ, դեսպաններ, բազմաթիւ պաշտօնատար անձնաւորութիւններ:

Շարժայի Հայոց Եկեղեցին դառձած է միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց միջավայր ու միջ-համայնքային հանդիպման վայր:  2000 թուականէն  եկեղեցին կ՛օգտագործեն Յոյն ուղղափառ, Եթովպիացի, Ռուս եւ Ասորի համայնքները: Անոնք հոն կը մատուցեն Ս. Պատարագ եւ կը կատարեն իրենց եկեղեցական խորհուրդները:

Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց հայ գաղութի մնայուն եւ այցելու հոգեւոր հովիւներ՝

27 Ապրիլ – 13 Մայիս 1991 Մայրավանքի Միաբանութեան անդամներէն Հոգշ. Տ. Խորէն Վրդ. Տօղրամաճեան

22 Ապրիլ 1993 – Փետրուար 1995 Հոգշ. Տ. Բաբգէն Վրդ. Չարեան

3 Մարտ – 30 Ապրիլ 1996 Հոգշ. Տ. Փառէն Վրդ. Վարդանեան

Յունուար – Փետրուար 1997  Հոգշ. Տ. Մաշտոց Աբղ. Չօպանեան