Երկուշաբթի 6 Յունուար 2020, Ս․ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնի առիթով, Շարժայի Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն ներս տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր Պատարագ։
Ս․եւ Անմահ պատարագը մատուցեց եւ իր պատգամը փոխանցեց Գերշ․ Տէր Մեսրոպ Եպս․ Սարգիսեան Առաջնորդ Ա․Մ․Է։
Սրբազան Հօր պատգամը կեդրոնացաւ Քրիստոսի ծնունդով աշխարհ եկած խաղաղութեան եւ յաւիտենական թագաւորութեան։
Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ Քրիստոսի Մկրտութիւնը խորհրդանշող ջուրօրհնէքը։
Պատարագի ներկայ էին ՀՀ Դեսպան Պրն․ Մհեր Մկրտումեան եւ Տուպայի եւ Հիւսիսային Էմիրութեանց գլխաւոր հիւպատոս Պրն․ Սէյրան Կարապետեանը: