Հինգշաբթի, 25 Փետրուար 2016-ի առաւօտեան Ապու Տապիի Ազգային Առաջնորդարանի գրասենեակէն ներս, Կաթողիկոսական Փոխանորդ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի՝ Հոգշ. Տէր Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան հարցազրոյց մը ունեցաւ միջազգային սփռում ունեցող Tele Lumiere – Noursat Լիբանանեան հեռուստատեսիլի կայանին հետ:

Հարցազրոյցի նպատակն էր ներկայացնել Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց տարածաշրջանէն ներս գործող Քրիստոնեայ փոքրամասնութիւնները եւ անոնց եկեղեցիներն ու գործունէութիւնները: Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Հայր Սուրբը պատմական ակնարկով մը անդրադարձաւ տարածաշրջանէն ներս հայութեան տեղաւորուելու մասին, ապա խօսելով գաղութի մասին, ան շեշտեց ըսելով թէ հայերը վաթսունական թուականներէն սկսեալ մինչեւ օրս դարձած են վստահելի այն ժողովուրդը տեղացիներուն մօտ: Ապա Հայր Սուրբը անդրադարձաւ տարածաշրջանէն ներս գործող զոյգ եկեղեցիներու մասին, Շարժայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ գործունէութեան ու կարեւոր թերակատարութեան որպէս համալիր Տուպայի եւ հիւսիսային էմիրութեանց, ինչպէս նաեւ Ապու Տապիի Ս. Նահատակաց նորակառոյց եկեղեցւոյ եւ առաջնորդարանի մասին որ օրըստօրէ կը դառնայ տարածաշրջանի ու յատկապէս Ապու Տապիի գաղութի կեդրոն:

Նշենք թէ Երեքշաբթի 1 Մարտ 2016-ին երեկոյեան ժամը 21:30-ին (Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց ժամով) հարցազրոյցը պիտի սփռուի վերոյիշեալ կայանէն: