Հեղինակ՝ Hampig Balekji

Ս. Ծննդեան տօնին առիթով թատերգութիւն

Անցնող տարիներու աւանդութեան համաձայն այս տարի եւս Օհաննէսեան Ազգային Միօրեայ Վարժարանի աշակերտութիւնը Շաբաթ, 28 Դեկտեմբեր 2019-ին ժամը 1:00-ին Շարժայի համալիրի Բիէր Քէօսէեան սրահէն ներս հրաւիրած էր իր աշակերտները, ծնողքները եւ բարեկամները Ամանորեան եւ Ս. Ծննդեան հանդէսին ներկայացման: 4-8-րդ կարգի աշակերտները մանկական ժպիտներով ու գեղեցիկ կատարողութեամբ ներկայացուցին (Առաքելութիւն ) թատերգութիւնը Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան դրուագը յատկանշող աւետարանական խօսքերով ու կենդանի պատկերներով: ((Առաքելութիւն)) թատերգութեան նպատակն էր ժամանակակից մօտեցումներով պատկերներով ու յիշատակներով վերակենդանացնել Քրիստոսի Ս. Ծննդեան խորհուրդին պատմութիւնը: Շուրջ կէս ժամ տեւող այս ներկայացումը վերջ գտաւ ներկաներուն խրախուսական խօսքերով եւ քաջալերական ծափողջուններով: Ներկայացումի աւարտին տեսչութեան կողմէն իւրաքանչիւր աշակերտին տրուեցաւ ապակեայ յուշանուէր մը որուն...

Read More

Սուրբ Ծննդեան Պատարագ

Երկուշաբթի 6 Յունուար 2020, Ս․ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնի առիթով, Շարժայի Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն ներս տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր Պատարագ։ Ս․եւ Անմահ պատարագը մատուցեց եւ իր պատգամը փոխանցեց Գերշ․ Տէր Մեսրոպ Եպս․ Սարգիսեան Առաջնորդ Ա․Մ․Է։ Սրբազան Հօր պատգամը կեդրոնացաւ Քրիստոսի ծնունդով աշխարհ եկած խաղաղութեան եւ յաւիտենական թագաւորութեան։ Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ Քրիստոսի Մկրտութիւնը խորհրդանշող ջուրօրհնէքը։ Պատարագի ներկայ էին ՀՀ Դեսպան Պրն․ Մհեր Մկրտումեան եւ Տուպայի եւ Հիւսիսային Էմիրութեանց գլխաւոր հիւպատոս Պրն․ Սէյրան Կարապետեանը:      ...

Read More

Օհաննէսեան Հայկական Միօրեայ Վարժարան

Հիւսիսային Էմիրութեանց առաջին Ազգային Վարչութեան գլխաւոր ու առաջին աշխատանքը եղած է հիմնել Հայկական Միօրեայ Վարժարանը, որ սկսած է 1980-ին եւ կը շարունակուի մինչեւ այսօր: Շուրջ 18 տարի վարժարանը ունեցած է թափառական բնոյթ: Վարձուած են տարբեր դպրոցներ որոշ ժամանակի մը համար եւ օգտագործուած`շաբաթը մէկ օր իբրեւ հայկական դպրոց: 1998-ին Համալիրի կառուցումով Հայկական Վարժարանը վերջապէս ունեցաւ իր սեփական շէնքը եւ այդ թուականէն ի վեր վերանուանուեցաւ` “Օհաննէսեան Հայկական Վարժարան”, որպէս երախտագիտութեան արտայայտութիւն գաղութիս բարերար պրն. Յարութ Օհաննէսեանի դպրոցին համար կատարած իշխանական նուիրատուութեան: Ինչպէս որեւէ Հայկական վարժարան, Օհաննէսեան Վարժարանը նոյնպէս ամէն միջոցի կը դիմէ լաւագոյնս դաստիարակելու համար գաղութի մատղաշ սերունդները: Վարժարանի ծրագրին մաս կը կազմեն հայերէն լեզու, հայոց պատմութիւն, մշակոյթ, երգ եւ երաժշտութիւն, կրօն եւ զանազան նիւթեր որոնք աղերս ունին հայկական իրականութեան հետ: Վարժարանը բաղկացած է երեք հիմնական բաժիններէ` 1. Մանկապարտէզ.- Երեք տարեկանը ամբողջացուցած իւրաքանչիւր աշակերտ կը սկսի յաճախել Օհաննէսեան Հայկական Վարժարան եւ աւարտելէ ետք մանկապարտէզի երեք դասարանները (Բողբոջ, Կոկոն եւ Ծաղիկ) կը ստանայ համապատասխան վկայական: 2. Նախակրթարան. – Մէկ տարի նախապատրաստական դասարանէն ներս պատրաստուելէ ետք, աշակերտը կը սկսի նախակրթարանի վեց ամեայ դասընթացքներուն: 3. Միջնակարգ. — Երեք տարիներու վրայ երկարող այս վերջին բաժնով վարժարանը կը փորձէ առաւելագոյն գիտելիքներով զինել հայ աշակերտը: Աւարտական դասարանի աշակերտներուն համար վարժարանը նոյնիսկ կրցած է ապահովել անոնց մասնակցութիւնը Armenian Virtual College (AVC)-ի բարձրագոյն դասընթացքներուն: Վարժարանի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը կը գործեն կամաւոր դրութեամբ, հաւատալով Հայկական վարժարանի անփոխարինելի առաքելութեան: Անոնք իրենց հոգեկան վարձատրութիւնը կը ստանան նոր սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան...

Read More

Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանի Կենսագրական Տուեալները

  Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան Աւազանի անունով Ուրարտու։ Ծնած է Գամիշլի՝ 24 Օգոստոս 1983-ին։ Նախնական ուսումը ստացած է Գամիշլիի Ազգ. Եփրատ վարժարանին մէջ։ 1996-ին աւարտելով նախակրթական ուսումը 1997-ին ընդունուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք։ Սարկաւագական ձեռնադրութիւն ստացած է 2004 թուականին, ձեռամբ՝ Գեղամ Եպս. Խաչերեանի։ Աւարտելով դպրեվանքեան իննամեայ Հայագիտական ու Աստուածաբանական ուսման ընթացքը, կուսակրօնութեան ձեռնադրութիւն եւ օծում ստացած է 14 Մայիս 2006-ին եւ յարած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ուխտեալ միաբանութեան, վերակոչուելով Տ. Մեսրոպ Աբեղայ։ 2010-ին վարդապետական աստիճան ստացած է ձեռամբ՝ Կոմիտաս Արք. Օհանեանի, աւարտաճառ ունենալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ունեցած նպաստը հայ մշակոյթին։ Իսկ Ծ. Վարդապետական աստիճան ստացած է 2004 թուականին,...

Read More

Հանդիսաւոր Պատարագ Եւ Սարկաւագական Ձեռնադրութիւն

​Ուրբաթ 27 Դեկտեմբեր 2019-ին, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Հայոց Թեմէն ներս, հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Սուրբ Ստեփանոս նախասարկաւագի տօնը։ Այս առիթով Թեմի Առաջնորդանիստ՝ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցիէն ներս, տեղի ունեցաւ սարկաւագական ձեռնադրութիւն։ Սարկաւագական ձեռնադրութեան արժանացան՝ Ճորճ կիսասարկաւագ Մինասեանն ու Շանթ կիսասարկաւագ Հայրապետեանը։ ​ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց եւ սարկաւագական ձեռնադրութիւնը կատարեց, Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանը, որ իր օրուան պատգամին մէջ բացատրեց սարկաւագութեան կարեւոր դերակատարութեան մասին ըսելով. «Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս նուիրապետական կարգերուն այս առաջին պաշտօնը, ծառայութեան խորհրդանիշ է։ Սարկաւագութեան հասկացողութիւնը սկիզբ առած է, առաքելական ժամանակաշրջանէն, ժողովուրդի կարիքները ապահովելու համար։ Ժամանակուայ ընթացքին եկեղեցւոյ կեանքէն ներս զարգանալով սարկաւագական հասկացողութիւնը,...

Read More