Իսլամական Ալ Ատհայ տօնին առիթով Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տէր Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան իր հետ ունենալով շրջանի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Արամ Քհնյ. Տէյրիմէնճեան այցելեցին Տուպայի կառավարիչ իշխանին պալատը՝ Զաապիլ շնորհաւորելու Տուպայի Շէյխ Մուհամմէտ Պըն Ռաշէտ ալ Մաքթումը:
Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հայր Սուրբը մաճլիսին մէջ յանուն թեմի եւ համայնքին բարեմաղթութիւններ յայտնեց մաղթելով առողջ եւ բեղուն քաղաքականութիւն, յատկապէս Հայ համայնքին հաւատարմութիւնը ու զօրակցութիւնը հանդէպ երկրին: Նշենք նաեւ որ այս հանդիպման ներկայ էին Տուպայի Ժապալ Ալիի մէջ ծառայող քրիստոնեայ համայնքներու ներկայացուցիչ հոգեւոր պետերն ու հոգեւոր հովիւները: