alphabet-monumentՀինգերորդ դարու սկիզբը, 405 թուականին, տեղի ունեցաւ հայոց պատմութեան մեծագոյն դեպքերէն` Հայ Գիրերու Գիւտը:

Աւելի քան 1600 տարիներ կեանք ունեցող հայ գիրը, որ արդիւնքն էր Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի հոգեմտաւոր երկունքներուն ու տեսիլներուն, մեծ նշանակութիւն եւ կարեւորութիւն ունեցաւ հայ ժողովուրդին համար: Հայ գիրով հայ ժողովուրդը մարմնաւորեց իր լեզուն, որ դարձաւ հայ ազգի գոյատեւումը յաւերժացնող ճանապարհը:

Դարեր շարունակ մեր ժողովուրդին ինքնութիւնը երաշխաւորած, գոյութիւնը ամրապնդած, մշակոյթը ծաղկեցուցած հայ գիրերու գիւտին 1600 ամեակը, 2005 տարուան ընթացքին, մեծ միջոցառումներով նշուեցաւ մեր ժողովուրդին կողմէ` Հայաստանի պետութեամբ, իր եկեղեցիով, իր բոլոր գաղութներով ու կառոյցներով:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Սրբատառ Կոնդակով 2005 տարին հռչակուած էր Հայ Լեզուի տարի, եւ կոչ ուղուած Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմակալ առաջնորդներուն եւ Ազգային իշխանութեանց, յատուկ ձեռնարկներով շեշտելու հայոց լեզուին կարեւորութիւնը եւ պանծացնելու յաւերժական յիշատակը հայոց տառերուն:

Հիւսիսային Էմիրութեանց Ազգային Վարչութիւնը, ընդառաջելով Վեհափառ Հայրապետին կոչին պատրաստեց վերի նկարին մէջ գտնուած յուշակոթողը, որուն վրայ քանդակուած են հայոց այբուբենի 38 տառերը ու զետեղեց զայն Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս` մուտքի պատին վրայ: Նոյն առթիւ, Ազգային Վարչութիւնը նշանակութիւն տալու համար սոյն նախաձեռնութեամբ որոշեց որ իւրաքանչիւր տառի օրհնութիւնը կատարուի գաղութը այցելող հայ հոգեւորականներուն ձեռամբ ու իրենց ընտրութեամբ, եւ զետեղուի յուշակոթողին վրայ:

Ահաւասիկ 2005-էն ի վեր ցարդ 21 տառեր օրհնուած են Հիւսիսային Էմիրութիւններ այցելող հոգեւորականներու ձեռամբ եւ զետեղուած յուշակոթողին վրայ:

Արժէ յիշել որ Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի երկիրներուն Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Տէր Կորիւն Արք. Պապեանը մեծապէս քաջալեր հանդիսացաւ Հիւսիսային Էմիրութեանց Ազգային Վարչութեան նախաձեռնած այս մտայղացումին:

aypoupen

Տառերու օրհնութեան արարողութիւններու նկարները կրնաք տեսնել հետեւեալ կապին վրայ

  1. Հինգշաբթի, 26 Ապրիլ 2007-ին Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի Երկիրներու կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. Տ. Կորիւն Արք Պապեանի ձեռամբ, օրհնուեցաւ եւ զետեղուեցաւ Ա տառը:
  2. Հինգշաբթի, 26 Ապրիլ 2007-ին Քուէյթի Հայոց հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Արտակ Քահանայ Քէհեաեանի ձեռամբ, օրհնուեցաւ եւ զետեղուեցաւ Ք տառը:
  3. Հինգշաբթի, 26 Ապրիլ 2007-ին Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Հայոց հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Արամ Քահանայ Տէյիրմէնճեանի ձեռամբ, օրհնուեցաւ եւ զետեղուեցաւ Բ տառը:
  4. Շաբաթ, 12 Ապրիլ 2007-ին Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի Լուսարարապետ Գերշ. Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանի ձեռամբ, օրհնուեցաւ եւ զետեղուեցաւ Ջ տառը:
  5. Ուրբաթ, 15 Յունիս 2007-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Միաբանութեան անդամ Գերշ. Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեանի ձեռամբ, օրհնուեցաւ եւ զետեղուեցաւ Ղտառը:
  6. Երեքշաբթի, 17 Յուլիս 2007-ին Առաջնորդ Թեհրանի Թեմի Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանի ձեռամբ, օրհնուեցաւ եւ զետեղուեցաւ Ծ տառը:
  7. Չորեքշաբթի, 19 Սեպտեմբեր 2007-ին Առաջնորդ Լիբանանի Թեմի Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեանի ձեռամբ, օրհնուեցաւ եւ զետեղուեցաւ Գ տառը:
  8. Ուրբաթ, 16 Նոյեմբեր 2007-ին Առաջնորդ Սպահանի Թեմի Գերշ. Տ. Բաբգէն Եպս. Չարեանի ձեռամբ, օրհնուեցաւ եւ զետեղուեցաւ Ֆ տառը:
  9. Չորեքշաբթի, 12 Մարտ 2008-ին Առաջնորդ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի Գերշ. Տ. Աղան Արք. Պալիօզեանի ձեռամբ, օրհնուեցաւ եւ զետեղուեցաւ Չ տառը:
  10. Երկուշաբթի, 24 Մարտ 2008-ին Հոգեւոր Հովիւ Հարաւային Ռուսաստանի Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Տէր Վարդան Քհնյ. Յունանեանի ձեռամբ օրհնուեցաւ եւ զետեղուեցաւ Է տառը:
  11. Երկուշաբթի, 24 Մարտ 2008-ին Հոգեւոր Հովիւ Հարաւային Ռուսաստանի առաջնորդական փոխանորդ Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Տէր Արամ Աւագ Քհնյ. Յունանեանի ձեռամբ օրհնուեցաւ եւ զետեղուեցաւ Մ տառը:
  12. Հինգշաբթի, 16 Հոկտեմբեր 2008-ին Լուսարարապետ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին (Անթիլիաս) Գերշ. Տէր Կոմիտաս Արք. Օհանեանի ձեռամբ օրհնուեցաւ եւ զետեղուեցաւ Կ տառը:
  13. Շաբաթ, 22 Նոյեմբեր 2008-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ձեռամբ օրհնուեցաւ եւ զետեղուեցաւ Զ տառը:
  14. Հինգշաբթի, 11 Դեկտեմբեր 2008-ին Առաջնորդ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմին Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան օրհնուեցաւ եւ զետեղուեցաւ Օ տառը:
  15. Չորեշաբթի, 4 Նոյեմբեր 2009-ին Կ. Պոլսոյ Պատրիարքութեան ընդհանուր ներկայացուցիչ Գերշ. Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի ձեռամբ օրհնուեցաւ եւ զետեղուեցաւ Շ տառը:
  16. Չորեշաբթի, 12 Մայիս 2010-ին Իրաքի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աւագ Արք. Ասատուրեանի ձեռամբ օրհնուեցաւ եւ զետեղուեցաւ Վ տառը:
  17. Կիրակի, 19 Սեպտեմբեր 2010-ին Դամասկոսի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանի ձեռամբ օրհնուեցաւ եւ զետեղուեցաւ Պ տառը:
  18. Կիրակի, 24 Ապրիլ 2011-ին Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի Երկիրներու Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ` Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի ձեռամբ օրհնուեցաւ եւ զետեղուեցաւ Ս տառը:
  19. Հինգշաբթի, 10 Նոյեմբեր 2011-ին Վարիչ-Տնօրէն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կիրակնօրեայ վարժարաններու Հոգեշ. Տէր Ղեւոնդ Վրդ. Բէնդէզեանի ձեռամբ օրհնուեցաւ եւ զետեղուեցաւ Ժ տառը:
  20. Ուրբաթ, 9 Մարտ 2012, Գերարգելի Հայր Գեւորք Ծայրագոյն Վարդապէտ Եղիաեանի ձեռամբ օրհնուեցաւ եւ զետեղուեցաւ Ե տառը:
  21. Ուրբաթ, 23 Ապրիլ 2012, Լիբանանի Հայկազեան Համալսարանի Նախագահ Դոկտ. Վերապատուելի Փօլ Հայտոսթեանի ձեռամբ օրհնուեցաւ եւ զետեղուեցաւ Յ տառը:
  22. Չորեքշաբթի, 2 Մայիս 2012, Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեանի ձեռամբ օրհնուեցաւ եւ զետեղուեցաւ Ո տառը:
  23. Շաբաթ, 8 Սեպտեմբեր 2012-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Տպարանի Տեսուչ եւ Մատակարարապետ Գերշ. Տ. Նորայր Եպս. Աշըգեանի ձեռամբ օրհնուեցաւ եւ զետեղուեցաւ Ն Տառը:
  24. Երկուշաբթի, 13 Յունուար 2014-ին, Առաջնորդ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանդիայի Հայոց Թեմի՝ Հայկազուն Եպսկ. Նաճարեանի Ձեռամբ օրհնուեցաւ եւ զետեղուեցաւ Տ տառը:
  25. Հինգշաբթի, 30 Յունուար 2014-ին Գաւազանակիր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի՝ Հգշ. Տէր Անանիա Աբղ. Ծատուրեանի ձեռամբ օրհնուեցաւ եւ զետեղուեցաւ Փ տառը:
  26. Հինգշաբթի, 20 Մարտ 2014-ին Քուէյթի Կաթողիկոսական Փոխանորդ` Գերպ. Տէր Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպույեանի ձեռամբ օրհնուեցաւ եւ զետեղուեցաւ Ռ տառը:
  27. Ուրբաթ, 5 Դեկտեմբեր 2014-ին Դպրեվանքի Տեսուչ եւ ՀԱՍԿ-ի խմբագիր՝ Հոգշ. Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեանի ձեռամբ օրհնուեցաւ եւ զետեղուեցաւ Թ տառը:
  28. Ուրբաթ, 5 Դեկտեմբեր 2014-ինՎարիչ Լսատեսողական բաժանմունքի՝ Հոգշ. Տ. Պետրոս Աբղ. Մանուէլեան-ի ձեռամբ օրհնուեցաւ եւ զետեղուեցաւ Ր տառը:
  29. Ուրբաթ, 5 Դեկտեմբեր 2014-ին Գաւազանակիր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ՝ Հոգշ. Տ. Նշան Աբղ. Լախոյեան-ի ձեռամբ օրհնուեցաւ եւ զետեղուեցաւ Լ տառը:
  30. Ուրբաթ, 29 Յունուար 2016-ին, Առաջնորդ Յունաստանի Հայոց Թեմի՝ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանի ձեռամբ, օրհնուեցաւ եւ զետեղուեցաւ «Խ» տառը:
  31. Հինգշաբթի, 7 Ապրիլ 2016-ին, Վերապատուելի Վահան Թութիկեանի ձեռամբ, օրհնուեցաւ եւ զետեղուեցաւ «Հ» տառը:
  32. Կիրակի, 24 Ապրիլ 2016-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն՝ Գերպ. Տէր Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեանի ձեռամբ, օրհնուեցաւ եւ զետեղուեցաւ «Ի» տառը:
  33. Ուրբաթ, 9 Դեկտեմբեր 2016-ին, Գերաշնորհ` Տէր Վարուժան Արք. Հերկելեանի ձեռամբ, օրհնուեցաւ եւ զետեղուեցաւ «Դ» տառը:
  34. Երեքշաբթի, 11 Ապրիլ 2017-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեանի ձեռամբ, օրհնուեցաւ եւ զետեղուեցաւ «Ը» տառը:
  35. Ուրբաթ, 5 Յունուար 2018-ին, Զմմառու Հայ Կաթողիկէ Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Զմմառու Վանքին Մեծաւոր՝ Գերապայծառ Հայր Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեանի ձեռամբ, օրհնուեցաւ եւ զետեղուեցաւ «Ճ» տառը:
  36. Երեքշաբթի, 23 Յունուար 2018-ին, Կ.Պոլիս Պատրիարքութեան Միաբան եւ Ֆերիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ քարոզիչ՝ Գերապատիւ` Տէր Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի ձեռամբ, օրհնուեցաւ եւ զետեղուեցաւ «Ձ» տառը:
  37. Չորեքշաբթի, 7 մարտ 2018-ին, Հոգեւոր Հովիւ Ժունիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ՝ Արժ. Տ. Խաչիկ Մսրեանի ձեռամբ, օրհնուեցաւ եւ զետեղուեցաւ «Ց» տառը:
  38. Երկուշաբթի, 30 Ապրիլ 2018-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական բաժանմունքի Վարիչի օգնական՝ Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըքճեանի ձեռամբ, օրհնուեցաւ եւ զետեղուեցաւ «Ւ» տառը: