Շաբաթ, 4 Յունիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 4-ին Ապու Տապիի նորակառոյց Արա Խանոյեան Ազգային վարժարանի Սուրէն Գոժագեան սրահէն ներս կատարուեցաւ ամավերջի հանդէսը:
Նախագահութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերպ. Տէր Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Սարգիսեանի, ներկայութեամբ շրջանի Հոգեւոր Հովիւ եւ վարժարանի տեսուչ՝ Արժ. Տէր Արամ Քհնյ. Տէյիրմէնճեանի, Ազգային իշխանութեանց ներկայացուցիչներու, բարերարներու եւ ծնողներու սկիզբ առաւ միօրեայ վարժարանի հանդէսը:
Ուսուցչական կազմին կողմէ պատրաստուած էր կոկիկ յայտագիր մը, ուր աշակերտներուն կողմէ ներկայացուեցաւ փունջ մը ասմունքներ, խմբային երգեր եւ պարեր: Հերթաբար մանկապարտէզի դասարանէն մինչեւ աւարտական դասարանի աշակերտները բեմ բարձրանալով ունեցան իրենց ելոյթները: Բացման խօսքը կատարեց ուսուցչական կազմէն Տիկին Մարիա Մուրատեան, օրուան հանդիսավարն էր Տիկին Մարալ Պալապանեան: Հանդէսի ընթացքին պաշտօնական բաժնին մէջ ելոյթ ունեցաւ հոգաբարձութեան ատենապետ Պրն. Յակոբ Այնէճեան, ներկայացնելով անցնող տարեշրջանի վարժարանի ուսումնական իրավիճակը:
Փակման խօսքով հանդէս եկաւ Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերապատիւ Հայր Սուրբը, ան իր խօսքին մէջ շեշտեց նորակառոյց Արա Խանոյեան Ազգային Վարժարանի կարեւորութեան ու անոր ստանձնած դերակատարութեան մասին, յատկապէս Ապու Տապիի Հայ համայնքի կեանքէն ներս: Խօսքը ուղղելով ներկաներուն, Գերապատիւ Հայր Սուրբը կարեւորութեամբ շեշտեց Ս. Նահատակաց եկեղեցին ու համալիրը վերածելու շրջանի հայութեան կեդրոնը: Ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ տեսչութեան, ուսուցչական կազմին եւ հոգաբարձութեան կատարած աշխատանքներուն, որոնք մեծ նուիրումով ու զոհողութեամբ կ’աշխատին սերունդներ կերտելու դաստիարակութեան մէջ:
Գերապատիւ Հայր Սուրբը անցնող 7 տարիներու ընթացքին դպրոցի տեսչութիւնը ստանձնած Արժանապատիւ Տէր Հօր մասին գնահատանքով խօսեցաւ, որ ան մեծ նուիրումով ու բծախնդրութեամբ վարեց դպրոցի ուսումնական կեանքը հեզասահ ընթացքով՝ իր բոլոր մտահոգութիւններով եւ մարտահրաւէրներով, եւ հասցուց բարգաւաճ վիճակի ուսուցչական կազմով եւ ուսանողութեամբ: Այս իմաստով շրջանի Քահանայ Հայրը՝ որպէս տեսուչ Ապու Տապիի Ազգային Միօրեայ Վարժարանի գնահատանքի արժանի է իր կատարած աշխատանքին համար: Ապա խօսքը ուղղելով ութներրորդ դասարանի շրջանաւարտներուն, ան թելադրեց որ ազգային միօրեայ վարժարանին կողմէ ստանձնած վկայականը իւրայատուկ տեղ ունենայ իրենց կեանքէն ներս, միշտ բարձր պահելով անոր բարոյական արժէքը, եւ միշտ բարձր պահելու հայկական ինքնութիւնն ու պատիւը:
Նշենք որ Արա Խանոյեան Ազգային Վարժարանը իր դռները պիտի բանայ աշակերտներուն դիմաց վերամուտին, այս անգամ իր սեփական հողաշերտին վրայ նոր տեսչութեամբ:
Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի