Պատմական Ակնարկ Ապու Տապիի Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ Համալիրրի շինութեան
1995-ին, Երջանկայիշատակ Գարեգին Բ. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, եւ 1998-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն շնորհած իրենց պաշտօնական այցելութիւններուն ընթացքին, խնդրած էին այդ օրուան նախագահ՝ Նորին Վսեմութիւն Շէյխ Զայետ Պըն Սուլթան Ալ Նահեանէն հողամաս մը, որպէսզի Ապու Տապիի Հայ Համայնքը կարենայ իր Եկեղեցին կառուցել: Վերոյիշեալ դիմումներուն իբրեւ արդիւնք ու որպէս համայնքին համար եղած անմիջական աջակցութիւն, 1998-ին, երկրին նախագահը Ապու Տապիի հայ համայնքին նուիրեց 100,000 ամերիկեան Տոլար եւ միաժամանակ յոյս յայտնեց, որ մօտիկ ապագային ընթացք կը տրուի նաեւ հողաշերտի մը գծով Վեհափառ Հայրապետներուն կողմէ ներկայացուած խնդրանքին: Տրուած խոստումին համաձայն, 2006 թուականին, երկրի գահաժառանգին մասնաւոր հրամանագրովը, «Մուսաֆահ» կոչուող շրջանէն ներս, Ապու Տապիի Հայ Համայնքին նուիրուեցաւ 2475 Ք. Մ. հողամաս մը: Շաբաթ 22 Մայիս 2010-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Հայրապետին ցուցմունքներուն համաձայն եւ Ապու Տապիէն ներս եկեղեցաշինութեան ծրագիրը ի կատար ածելու փափաքով, նախագահութեամբ Գերշ. Տէր Կորիւն Արք. Պապեանին, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Թեմական մարմնին անդամները գումարեցին մասնաւոր ժողով մը եւ ընտրեցին Շինարարական Յանձնախումբ մը յանձինս՝ Պրն. Արա Խանոյեան, Ապու Տապիէն Պրն. Գրիգոր Մահսերէճեան, Ապու Տապիէն Պրն. Վարուժ Ներկիզեան, Հիւսիսային Էմիրութեանց շրջանէն Պրն. Հրայր Սողոմոնեան, Հիւսիսային Էմիրութեանց շրջանէն Ժողովը Շինարարական Յանձնախումբը լիազօրեց լուծելու եկեղեցաշինութեան գործընթացին վերաբերող բոլոր հարցերը եւ առնելու անհրաժեշտ որոշումներ ու քայլեր, որպէսզի շուտով Ապու Տապիի մէջ կառուցուի Հայկական ոճով Եկեղեցի ու համայնքային տուն: 7 Յունիս 2010 թուակիր պաշտօնագրով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հաստատեց կեանքի կոչուած Շինարարական Յանձնախումբը եւ իր հայրական օրհնութիւնը շնորհեց յանձնախումբի անդամներուն եւ թելադրեց, որ հետեւողական աշխատանքով,...
Read More