1995-ին, Երջանկայիշատակ Գարեգին Բ. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, եւ 1998-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն շնորհած իրենց պաշտօնական այցելութիւններուն ընթացքին, խնդրած էին այդ օրուան նախագահ՝ Նորին Վսեմութիւն Շէյխ Զայետ Պըն Սուլթան Ալ Նահեանէն հողամաս մը, որպէսզի Ապու Տապիի Հայ Համայնքը կարենայ իր Եկեղեցին կառուցել:

Վերոյիշեալ դիմումներուն իբրեւ արդիւնք ու որպէս համայնքին համար եղած անմիջական աջակցութիւն, 1998-ին, երկրին նախագահը Ապու Տապիի հայ համայնքին նուիրեց 100,000 ամերիկեան Տոլար եւ միաժամանակ յոյս յայտնեց, որ մօտիկ ապագային ընթացք կը տրուի նաեւ հողաշերտի մը գծով Վեհափառ Հայրապետներուն կողմէ ներկայացուած խնդրանքին:

Տրուած խոստումին համաձայն, 2006 թուականին, երկրի գահաժառանգին մասնաւոր հրամանագրովը, «Մուսաֆահ» կոչուող շրջանէն ներս, Ապու Տապիի Հայ Համայնքին նուիրուեցաւ 2475 Ք. Մ. հողամաս մը:

Շաբաթ 22 Մայիս 2010-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Հայրապետին ցուցմունքներուն համաձայն եւ Ապու Տապիէն ներս եկեղեցաշինութեան ծրագիրը ի կատար ածելու փափաքով, նախագահութեամբ Գերշ. Տէր Կորիւն Արք. Պապեանին, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Թեմական մարմնին անդամները գումարեցին մասնաւոր ժողով մը եւ ընտրեցին Շինարարական Յանձնախումբ մը յանձինս՝

Պրն. Արա Խանոյեան, Ապու Տապիէն

Պրն. Գրիգոր Մահսերէճեան, Ապու Տապիէն

Պրն. Վարուժ Ներկիզեան, Հիւսիսային Էմիրութեանց շրջանէն

Պրն. Հրայր Սողոմոնեան, Հիւսիսային Էմիրութեանց շրջանէն

Ժողովը Շինարարական Յանձնախումբը լիազօրեց լուծելու եկեղեցաշինութեան գործընթացին վերաբերող բոլոր հարցերը եւ առնելու անհրաժեշտ որոշումներ ու քայլեր, որպէսզի շուտով Ապու Տապիի մէջ կառուցուի Հայկական ոճով Եկեղեցի ու համայնքային տուն:

7 Յունիս 2010 թուակիր պաշտօնագրով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հաստատեց կեանքի կոչուած Շինարարական Յանձնախումբը եւ իր հայրական օրհնութիւնը շնորհեց յանձնախումբի անդամներուն եւ թելադրեց, որ հետեւողական աշխատանքով, Ապու Տապիի մէջ եկեղեցի ու համայնքային կեդրոն ունենալու երազը շուտով վերածեն իրականութեան:

Մարտ 2012-ին, Քուէյթի եւ Արաբական Փոցի երկիրներու Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան, պաշտօնական նամակով մը կոչ ուղղեց Արաբական Էմիրութեանց Հայ համայնքին եւ առաջարկեց, որ վճռադրոշմ այս հանգրուանին, գործնականօրէն արտայայտեն հայ ազգի շինարար ոգին ու կնքահայրը դառնան Ապու Տապիի Եկեղեցւոյ համալիրին: Արդարեւ, Շինարարական յանձնախումբին ջանքերուն շնորհիւ, շուտով կարելի եղաւ ապահովել Եկեղեցւոյ համար 16 կնքահայրեր, որոնք 200,000 Տիրհամի նուիրատուութեամբ, յանձն առին իրենց առաջարկուած եզակի պատիւը:

Իրօք, Ապու Տապիի Հայ համայնքին համար, պատմական օր մը եղաւ Ուրբաթ, 4 Մայիս 2012-ը: Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ ժամանած էր Ն. Ս. Օ. Տ. Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ, անձամբ կատարելու համար Ապու Եկեղեցւոյ հիմնարկէքը: Նախքան հիմնարկէք, տեղւոյն Յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ: Ապա, ներկաները ուղղուեցան կառուցուելիք եկեղեցւոյ վայրը, ուր, Լիբանանէն յատկապէս ժամանած Հ.Մ.Ը.Մ.-ի փողերախումբը, պատուով դիմաւորեց Վեհափառը եւ ստեղծեց խանդավառ մթնոլորտ:

Յարդարուած էր շինարարութեան վայրը ըստ պատշաճի, զետեղուած էին վրաններ եւ պատուոյ հիւրերուն համար պատրաստուած էր մասնաւոր պատուանդան, ուր Վեհափառ Հայրապետին կողքին տեղ գրաւած էին Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերաշնորհ Տէր Շահէ Եպս. Փանոսեան, Գերաշնորհ Տէր Կորիւն Արք. Պապեան, Հոգեշնորհ Տէր Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան, Արժանապատիւ Տէր Արամ Քհնյ. Տէյրմէնճեան եւ Եկեղեցւոյ 16 կնքահայրները:

Ապա, սկսաւ Եկեղեցւոյ հիմնարկէքի արարողութիւն: Համաձայն կարգին, Վեհափառ Հայրապետն ու եկեղեցականները ուղղուեցան ապագայ Եկեղեցւոյ Խորանին վայրը, ուր Եկեղեցւոյ 16 կնքահայները հիմնարկէքի խաչանիշ քարերը իրենց ձեռքին կը սպասէին: Արարողութեան միջոցին, Վեհափառ Հայրապետը նախ գինիով ու ջուրով լուաց հիմնաքարերը եւ համաձայն Հայ Եկեղեցւոյ օրէնքին, 12 առաքեալներու եւ 4 սուրբերու անունով զանոնք Ս. միւռոնով օծելէ ետք, հաստատեց բարձրանալիք Եկեղեցւոյ 16 սիւներուն տեղը։

Արարողութեան աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը սիրոյ ու գնահատանքի պատգամ ուղղեց ներկայ ժողովուրդին, շեշտելով եկեղեցւոյ առանցքային դերը Հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս: Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նախօրեակին, Վեհափառ Հայրապետը ինքնաբուխ կերպով «Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցի» անուանեց կառուցուելիք Եկեղեցին: Նորին Սրբութիւնը իր շնորհակալութիւնները յայտնեց նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Նախագահին ու իշխանութեան, եւ բարձրօրէն գնահատեց Եկեղեցւոյ կնքահայրերը, նուիրատուները, Ազգային Վարչութեան կազմն ու ժողովուրդը։

Ստորեւ կը ներկայացնենք Ապու Տապիի Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ 16 Կնքահայրերուն անունները.-

1- Ս. Մատթէոս — Հրայր Սողոմոնեան

2- Ս. Մարկոս — Վարուժ Ներկիզեան

3- Ս. Ղուկաս — Արա Խանոյեան

4- Ս. Յովհաննէս — Գրիգոր Մահսէրէճեան

5- Ս. Պետրոս — Աբրահամ Մելքոնեան

6- Ս. Պօղոս — Անի Պարսումեան

7- Ս. Անդրէաս — Արա Քէօսէեան

8- Ս. Յակոբոս Զեբեդեան — Խաչիկ Գալայճեան

9- Ս. Փիլիպպոս — Հայկազ Թահմազեան

10- Ս. Թովմաս — Յարութ Օհաննէսեան

11- Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ — Նիրվա Ներկիզեան

12- Ս. Յակոբոս Ալփեան — Սամիր Սերոբ Մովսէսեան

13- Ս. Բարթուղիմէոս — Սեպուհ եւ Հրաչ Մանճիկեան

14- Ս. Սիմոն Կանանացի — Սէյրան Կարապետեան

15- Ս. Մատաթիա — Սուրէն Գոճաքեան

16- Ս. Թադէոս — Վահէ Թուխմանեան