Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն անմար յիշատակը յաւերժացնելու համար, Հայրենիքի եւ Սփիւռքի տարբեր գաղթօճախներուն մէջ զետեղուած են յուշակոթողներ, յուշարձաններ ու Խաչքարեր:
Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ բակին մէջ, զետեղուած է խաչքար մը, որ նուիրուած է Ապրիլեան Նահատակներուն: Յուշարձան Խաչքարին պաշտօնական բացումը տեղի ունեցած է եկեղեցական արարողութեամբ եւ ժողովուրդի հոծ բազմութեան մասնակցութեամբ 23 Ապրիլ 1999-ին: Խաչքարը նուիրած է Հայաստանաբնակ Սուքիասեան ընտանիքը: Խաչքարը երկու թոն կը կշռէ եւ պատրաստուած է հայկական տուֆ քառէն: Սուքիասեան ընտանիքը սիրայօժար կերպով զայն օդանաւով ուղարկած է Շարժա հոգալով փոխադրութեան բոլոր ծախսերը: Համաձայն Տուպայի եւ Հիւսիսային Էմիրութեանց օրէնսդիր եւ գործադիր կազմի որոշումին, Խաչքարը կոչուած է Ապրիլեան Նահատակաց յուշակոթող:
Իւրաքանչիւր տարի, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի ոգեկոչումը կը սկսի Ապրիլեան Նահատակաց յուշակոթողին առջեւ մոմավառութեամբ եւ ծաղկեպսակի զետեղումով: