Հինգշաբթի 14 Մայիս 2015-ի երեկոյեան Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տէր Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեանը ընկերակցութեամբ Ազգային Երեսփոխաններու՝ Պրն. Վահէ Երեցեանի, Պրն. Սեպուհ Մանճիկեանի եւ Տուպայի ու Հիւսիսային Էմիրութեանց Ազգային Վարչութեան ատենապետ ու Ազգային Երեսփոխան Պրն. Մուշեղ Պետիրեանի, Իսլամական տօնի առիթով հիւրը եղաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Նախագահի Կրօնական եւ Դատական Հարցերու Խորհրդական՝ Շէյխ Սէյտ Ալլի Ալ Հաշիմիի, որ յատուկ հրաւէր ուղղած էր սոյն երեկոյին համար:
Անցնող ամիսներուն ընթացքին Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ, Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի ատենապետ՝ Պրն. Հրայր Սողոմոնեանի հետ այցելած էին վերոյիշեալ Շէյխին եւ մտերմութիւն ստեղծած էին:
Նշենք թէ Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հայր Սուրբը եւ ժողովականները նաեւ ընթրիքի հիւրը եղան Շէյխին:
Դիւան
Ազգային Առաջնորդարանի