Ուրբաթ 16 Յունուար 2015-ին, Արաբական Միացեալ էմիրութեանց եւ Քաթարի թեմէն ներս տեղի ունեցաւ Երեսփոխանական Ժողովի Զ. ընտրութիւնը: Յառաջիկայ չորս տարիներուն համար թեմի ժողովուրդի քուէարկութեամբ ընտրուեցան 13 Երեսփոխաններ:
Ստորեւ կը ներկայացնենք Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Հայոց Թեմին նորընտիր Ազգային Երեսփոխաններուն անուանացանկը:
Տուպայի եւ Հիւսիսային Էմիրութիւններ
- Գորուքեան Մայք
- Թահմազեան Հայկազ
- Մանճիկեան Սեպուհ
- Յովսէփեան Փառէն
- Ներկիզեան Վարուժ
- Պետիրեան Մուշեղ
- Սողոմոնեան Հրայր
Ապու Տապի
- Երէցեան Վահ
- Թուխմանեան Վահէ
- Սիմոնեան Ռաֆֆի
Քաթար
- Գարամարտեան Սթիւ
- Մխիթարեան Յովիկ
- Տէլտէլեան Գէորգ
Նշենք որ Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հայր Սուրբը պաշտօնական նամակով առ ի վաւերացում նորընտիր երեսփոխանական ժողովի անդամներուն դիմեց Վեհափառ Հայրապետին եւ Վեհափառ Հայրապետը իր 19 Յունուար 2015-ի թիւ 15 պաշտօնական նամակով վաւերացուց երեսփոխանական Զ. ընտրութիւնը:
Կ’աղօթենք առ բարձրեալն Աստուած որ յառաջիկայ չորս տարիներուն երեսփոխաններուն վստահուած ազգային ծառայութիւնը յաջողութեամբ պսակուի եւ նորանոր ծրագիրներով ուռճանայ ազգային երեսփոխանական ժողովի անդամներուն ազգանուէր գործունէութիւնը:
Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի