Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Հոգշ. Տէր Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան, 4 Յունուար 2016 թիւ 2-16 նամակով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի կողմէ իրաւունք կը ստանայ կապոյտ ծաղկեայ փիլոն կրելու ինչպէս նաեւ խոյր (չաթալ թագ) գործածելու իրաւունք թեմի տարածաշրջանէն ներս:

Այս առիթով յանուն Ազգային Իշխանութեան եւ հաւատացեալ ժողովուրդին, մեր շնորհաւորութիւնները կը յայտնենք Հոգշ. Հայր Սուրբին մաղթելով եկեղեցանուէր բեղուն գործունէութիւն: