Շաբաթ, 11 Ապրիլ 2015-ին երեկոյեան ժամը 6:00-ին ԱՄԷ եւ Քաթարի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տէր Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան, ընկերակցութեամբ Ապու Տապիի եւ Տուպայի ու Հիւսիսային Էմիրութեանց նորընտիր Ազգային Վարչութեանց անդամներով այցելեցին Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը Ապու Տապի մէջ:

Հոգշ Հայր Սուրբը ծանօթացնելէ ետք նորընտիր վարչութեան անդամները, յայտնեց թէ զոյգ վարչութեանց պաշտօնական այցելութիւնը, անգամը եւս կ’ստեղծէ այն առիթը զօրավիգ կանգնելու եւ գործակցելու Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան հետ: Հայաստանի դեսպանատունը օտար տեղ մը չէ մեզի համար, այլ մայր հայրենիքը ներկայացնող իւրաքանչիւր հայու տունն է: ինչպէս նաեւ հայր սուրբ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ եւ յանուն վարչութեանց անդրադարձաւ երկկողմանի գործունէութեան մասին:

Խօսք առնելով Տուպայի եւ Հիւսիսային էմիրութեանց Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ պրն. Մուշեղ Պետիրեան, առաջին հերթին իր ուրախութիւնը յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ գտնուելու, ապա անգամը եւս կրկնեց նորընտիր Ազգային Վարչութեան գիտակցութիւնը ու պատրաստակամութիւնը հանդէպ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան ու անոր գործունէութեան: Իր խօսքի աւարտին ան ծանօթացուց ազգային վարչութեան անդամները եւ դիւանը: Ապա խօսք առնելով Ապու Տապիի Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ պրն. Բագրատ Պալապանեան նոյն կերպով պատրաստակամութիւնը յայտնեց գործակցութեան Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան հետ եւ իր կարգին ծանօթացուց նորընտիր Ազգային Վարչութեան անդամները:

Հայաստանի Հանրապետութեան Արտակարգ եւ Լիազօր դեսպան՝ պրն Գեղամ Ղարիպջանեան իր մեծ ուրախութիւնը յայտնեց նմանօրինակ այցելութեան մը եւ զոյգ վարչութեանց գործակցելու պատրաստակամութեան:

Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի