Ծոցի երկիրներու եկեղեցիներու խորհուրդը, այս տարի իր ընդհանուր ժողովը գումարեց, 28 եւ 29 Յունուար 2020-ին, Քուէյթի մէջ։
2012 թուականին ծնունդ առած է այս խորհուրդը, որուն մէջ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին իր գործօն դերակատարութիւնը ունեցած է, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ճամբով։
Երկու օրերու վրայ տարածուած ժողովներու ընթացքին, ընդհանրապէս քննարկուեցան շրջանի եկեղեցիներուն դիմագրաւած դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները, յատկապէս կալուածատիրութեան հետ վերաբերող հարցեր եւ այլ առօրեայ դժուարութիւններ, որոնք կը մտահոգեն Քրիստոնեայ համայնքները։
Նկատի ունենալով ժողովին գումարման վայրը, յատուկ նիստ մը յատկացուեցաւ Քուէյթի մէջ ապրող Քրիստոնեաներուն ներկայութեան մասին, որոնց շարքին խօսուեցաւ հայ եկեղեցւոյ եւ հայ համայնքին մասին, որպէս շրջանէն ներս գործող հին համայնքներէն մին։
Ժողովին հայ եկեղեցին ներկայացուցին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբաններէն, Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան՝ Առաջնորդ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Թեմի, եւ Հոգշ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան՝ Կաթողիկոսական Փոխանորդ Քուէյթի եւ շրջակայից Թեմի։
Ժողովի աւարտին տեղի ունեցաւ սոյն խորհուրդի Ատենապետի ընտրութիւն, մասնակից եկեղեցիներու ներկայացուցիչները յարմար նկատեցին Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանի ընտրութիւնը որպէս Ատենապետ։
Նշենք թէ Սրբազան Հայրը 2012-2016 անդամ եղած է Ծոցի եկեղեցիներու խորհուրդի գործադիր Վարչութեան, իսկ այժմ ատենապետ կ՛ընտրուի սոյն խուրհուրդի գործադիր Վարչութեան։
Յաջողութիւն կը մաղթենք Սրբազան Հօր ստանցնած նոր պաշտօնին։
Դիւան Առաջնորդարանի