Դէպի Սոֆիա …..
Տուպայի եւ Հիւսիսային Էմիրութեանց ֆութպոլի խումբը բախտը ունեցաւ մասնակցելու ՀԲԸՄ-ի կազմակերպած Եւրոպայի 10րդ Համահայկական խաղերուն:
Յետ տքնաջան փորձերու եւ ճամբորդական վիզայի կարգադրութիւններէն ետք, խումբը մեկնեցաւ Սոֆիա, Պուլկարիա, ուր իջեւանեց Վիթոշա Բարք պանդոկը: Մի քանի ժամուան հանգիստէ ետք խումբի անդամները մասնակցեցան ծանօթացման հանդիպումի մը, որուն ընթացքին անոնց տրուեցան ընդհանուր տեղեկութիւններ մրցաշարքի մասին:
Աւագ Ուրբաթ, խումբը առիթ ունեցաւ այցելելու Սոֆիայի հայկական եկեղեցին, եւ ներկայ գտնուեցաւ Քրիստոսի թաղման յիշատակին տեղի ունեցող արարողութեան իսկ Կիրակի օր ան մասնակից դարձաւ Զատկական Ս. Պատարագին ու ծանօթացաւ Սոֆիայի հայ համայնքին :
Իր այցելութեան առաջին գիշերը խումբը ընթրեց Պուլկարական աւանդական կերակուրներ մատուցող ճաշարանի մը մէջ: Տրամադրութիւնները բարձր էին , անոնք նուագախումբին նուագել տուին հայկական եղանակներ ու մասնակցեցան երգելով :
Ապրիլի 7- ին սկսան ֆութպոլի մրցումները : Պաշտօնական Բացումը կատարուեցաւ Պուլկարիոյ ազգային քայլերգով որմէ ետք արտասանուեցան բացման խօսքեր ու ճառեր: Մեր տղաքը նկատեցին թէ Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգը չէր նուագուած, ուստի իրենք սկսան երգել: Ամբողջ մարզադաշտը միացաւ խումբին ու թնդաց «ՄԵՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ»:
Մեր խումբի անունն էր «Մահացու Հարված» խումբ, Պուլկարիոյ խումբինը՝ «Ազատ Բլովտիվ» Պուլկարիոյ Բրոֆեսիոնալ Ֆուդսալ խումբ , Շուէտինը՝ « Սասուն Լուկանօ», Փարիզի խումբինը՝ « Էֆ Սի Փարիզ Լուի»: Մեր առաջին խաղը «Սասուն Լուկանօէին» դէմ էր: Արդիւնքը՝ 2 – 2 հաւասարութիւն: Երկրորդ խաղը կորսնցուցինք «Ազատ Բլովտիվի»՝ 2-0: Հարկ է նշել թէ Ազատ Բլովտիվ յաղթեց «Սասուն Լուկանօ»ին՝ 7-0: Ան շահեեցաւ նաեւ մրցումի ախոյանութիւնը:
Առաջին օրուան մրցաշարքին ստեղծած հաճելի մթնոլորտը շարունակուեցաւ երեկոյեան ճաշկերոյթ պարահանդէսով մը:
Մրցաշարքին երկրորդ օրը, Ապրիլ 8-ին, խումբը խաղաց իր վերջին խաղը «Էֆ Սի Փարիզ Լուի» դէմ: Խաղը վերջացաւ 2-2 արդիւնքով:
Խումբը գնահատուեցաւ որպէս կազմակերպուած լաւագոյն խումբ եւ լաւագոյն համազգեստ կրող խումբ:
Սոֆիայի ՀԲԸՄ-ի մասնաճիւղը փակեց Եւրոպայի 10րդ Համահայկական խաղերը ընթրիքով մը, ուր յայտարարուեցաւ թէ 2013-ի խաղերը տեղի պիտի ունենան Ժնեւի մէջ իսկ 2014ի խաղերը՝ Իսթանպուլի մէջ:
Տուպայի եւ Հիսւիսային Էմիրութեանց Ազգային Վարչութեան խումբը պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնը, իր շուրջ պիտի հաւաքէ գաղութի երիտասարդութիւնը եւ պիտի հետեւի մարզական գործունէութեանց այն ցանկութեամբ, որ օր մը մեր գաղութն ալ կարենայ կազմակերպել նման մրցաշարքեր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ եւ հիւրընկալել իր հարազատները զանազան երկիրներէ:
«Մահացու Հարված» խումբի մարզիկներ էին: Սերոբ Աշըքեան, Ժիրայր Հապիպիեան, Անդրանիկ Պետոյեան, Սարգիս Նազարեան, Նժդեհ Գալլեշեան, Արա Աթիքեան, Ռազմիկ Մելքոնեան, Վրէժ Գալըպճեան, Արմէն Պատալեան եւ Րաֆֆի Գազազեան:
Շնորհակալութիւն Տուպայի եւ Հիսւիսային Էմիրութեանց Ազգային Վարչութեան որ միշտ նեցուկ կանգնած է գաղութի երիտասարդներուն այլապէս մեր խումբին: