Ծաղկազարդի Ս. Պատարագ
Ծաղակազարդի Ս. Պատարագը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 24 Մարտ 2013-ի երեկոյեան ժամը 5-ին:

Պատարագը նախագահեց Քուէյթի թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Տէր Շահէ Եպս. Փանոսեան, պատարագիչ՝ Արբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի նորակազմ թեմի նորանշանակ Կաթողիկոսական Փոխանորդ Տէր Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան: Քարոզէն առաջ Սրբազան հայրը հաւատացեալներուն ներկայացուց Մեսրոպ Վարդապետը՝ մաղթելով ամէնայն յաջողութիւն իր թեմական առաքելութեան մէջ: Ապա Հայր Սուրբը, իբր Կաթողիկոսական փոխանորդ՝ իր անդրանիկ քարոզն ու պատգամը տուաւ հաւատացեալ ժողովուրդին: Աւարտին տեղի ունեցաւ Ծաղկազարդի Թափօրը, մանուկներու մասնակցութեամբ: Մայրերուն գիրկերը կամ անոնց ձեռքերը բռնած, զարդարուած խոշոր մոմերով մանուկները, անսալով Յիսուսի կոչին «Թողէ՛ք որ մանուկները ինծի գան» շարականի քաղցր ելեւէջներուն հետեւողութեամբ կազմեցին ու դարձան անմեղութեան յուզիչ թափօրը:

Ոտնլուայ
Ոտնլուայի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 28 Մարտ 2013-ին երեկոյեան ժամը 5-ին: Մեսրոպ Վարդապետը, Յիսուսի օրինակով լուաց առաքեալները ներկայացնող 12 պատանիներու ոտքերը:

Խաւարման Գիշեր
Հինգշաբթի, 28 Մարտ 2013-ին գիշերուան ժամը 8-ին տեղի ունեցաւ Յիսուսի մատնութեան, չարչարանքներուն եւ խաչելութեան հետ առնչուող՝ խաւարման գիշերուան յուզախառն արարողութիւնը:
Բովանդակալից էր Հայր Սուրբին յաւուր պատշաճի քարոզը: Իսկ այս բոլոր արարողութիւններուն յուզական շարականները, քաղցրահունչ ձայնով ու երգահոնի նուագացութեամբ կատարեց գաղութիս հոգեւոր հովիւ՝ Արժն. Տէր Արամ Քհնյ. Տէյիրմէնճեանը:

Կարգ Թաղման
Ուրբաթ, 29 Մարտ 2013-ին կէսօրուան ժամը 11:30-ին տեղի ունեցաւ Յիսուսի թաղման արարողութիւնը:

Ճրագալոյցի Ս.Պատարագ
Ս. Զատկուան նախօրօքին՝ 30 Մարտ 2013-ի երեկոյեան ժամը 7-ին տեղի ունեցաւ Ճրագալոյցի Ս. Պատարագը:

Ս. Զատիկ

Քրիստոսի Հրաշափառ Յարութիւնը
Յաղթանակ մահուան դէմ եւ նոր կեանքի առիթ

Կիրակի կէսօր ժամը 12:00-ին Ս. Զատկուայ Տօնին առիթով Ս. եւ անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցիէն ներս ժողովրդային խուռներամբ բազմութեամբ:
Նորանշանակ Միացեալ Արաբական Էմիրութեանց եւ Քաթարի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգեշնորհ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեանը, Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան մասին խօսելով շեշտեց՝ որ Յարութիւնը Քրիստոսի մահուան դէմ տարած յաղթանակ մըն է նիւթանակացած աշխարհին դէմ, նոր կեանքի առիթ իւրաքանչիւր Քրիստոնեայ անհատին եւ մասնաւորաբար հայ ժողովուրդի որ տարիներ շարունակ սփիւռքի զանազան երկիրներու մէջ եւ այսօր Միացեալ Արաբական Էմիրութեանց եւ Քաթարի մէջ մարմնաւորեց Քրիստոսի ուղղած նոր կեանքի հրաւէրը եւ Քրիստոսի Յարութեամբ զօրացած կրցան անապատի աւազներու վրայ իրենց հաւատքը պահել:
Կ’ուզենք յայտնել թէ՝ այս տարի աննախընթաց երեւոյթ մը պարզուեցաւ Շարժայի եւ Ապու Տապիի հայ համայնքի կեանքէն ներս ժողովուրդի խոռներամբ մասնակցութեամբ աւագ շաբթուայ արարողութեանց եւ Ս. Զատկուայ պատարագին:

«Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց, Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի»