Վերամուտ Ապու Տապիի Արա Խանոյեան Ազգային Միօրեայ Վարժարանի

Ապու Տապիի հայկական միօրեայ վարժարանի տեսչութիւնը եւ ուսուցչական կազմը այս տարի իր սեփական վարժարանէն ներս մեծ ուրախութեամբ ու բարձր տրամադրութեամբ դիմաւորեց աշակերտութիւնը: Երկար տարիներու սպասումէ ետք անցնող Մայիս ամսուայ ընթացքին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ձեռամբ Սրբոց Նահատակաց համալիրէն ներս բացումը կատարուեցաւ Ապու Տապիի Արա Խանոյեան Ազգային Վարժարանին: Նշենք թէ անցնող տարիներու ընթացքին Ապու Տապիի միօրեայ հայկական վարժարանը կը գործէր այլ միջավայրի մէջ նկատի ունենալով կեդրոնի բացակայութեան: Այս տարի, յատուկ կերպով նորակառոյց Սրբոց Նահատակաց համալիրէն ներս, նոր տեսչութեամբ եւ ուսուցչական կազմի գործակցութեամբ Շաբաթ 24 Սեպտեմբեր 2016-ին պաշտօնական կերպով բացումը կատարուեցաւ 2016-2017 Արա Խանոյեան Ազգային Միօրեայ Վարժարանի...

Read More

ՀՀ Վերանկախացման 25 Ամեակի Տօնակատարութիւն

Կազմակերպութեամբ Ապու Տապիի Ազգային Վարչութեան եւ նախաձեռնութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան, Չորեքշաբթի 21 Սեպտեմբեր 2016-ին տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 25-րդ տօնակատարութիւնը Ապու Տապիի Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանատան մէջ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ապու Տապիի Ազգային վարչութեան անդամ՝ Տիկ. Արփի Պաղոս, ան անդրադարձաւ անկախութեան գաղափարին: Ապա գեղարուեստական յայտագրով ասմունքեց Տիկ. Ալին Պալեան, մեներգեց Տիկ. Լուսի Թերզեան եւ երգեհոնի վրայ նուագեց Տիկ. Աստղիկ Թոզլիգեան: Խօսք առաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Արտակարգ եւ Լիազօր դեսպան Պրն. Գեղամ Ղարիպջանեան, ուր անդրադարձաւ անկախութեան առաջին հանգրուանին եւ անոր աստիճական զարգացումներուն իր ականատեսի վկայութեամբ, ապա շնորհաւորեց վերանկախացման 25-րդ ամեակը: Փակման խօսքը կատարեց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերապատիւ. Տէր Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Սարգիսեան: Ան առաջին հերթին շնորհաւորեց Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25 ամեակը ապա անդրադարձաւ հայրենիքի անկախութեան գաղափարին պահպանման եւ երիտասարդութեան ստանձնելիք դերակատարութեան ներկայ եւ ապագայ հայաստանը բարգաւաճ պահելու եւ երկիրը առաւել եւս զարգացնելու հրամայական պահանջքին: Պահպանիչով եւ կարկանդակի հատումով վերջ գտաւ օրուայ հանդիսութիւնը:...

Read More

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ԱՊՈՒ ՏԱՊԻ

Մեր ժողովուրդի ազնիւ ուշադրութեան կը յանձնենք թէ Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ՝ Ն. Գ. ՊՐՆ. ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԱՄԷ պետութեան պաշտօնական հրաւէրով պիտի այցելէ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Ապու Տապի քաղաքը, այս առիթէն օգտուելով Պրն. Նախագահը պիտի այցելէ Արաբական Միացեալ էմիրութեանց եւ Քաթարի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը: Կոչ կ’ուղղենք մեր թեմի ժողովուրդին որ խուռներամ բազմութեամբ ներկայ գտնուին Չորեքշաբթի, 9 Նոյեմբեր 2016 երեկոյեան ժամը 5:30 Ապու Տապիի Ազգային Առաջնորդարան դիմաւորելու համար Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք Պրն....

Read More