Արաբական Միացեալ էմիրութեանց եւ Քաթարի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տէր Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան, ընկերակցութեամբ շրջանի հոգեւոր հովիւին Կիրակի, 18 Յունուար 2015-ին կէսօր, պաշտօնական այցելութեամբ ճաշի հիւրը եղաւ Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Առաջնորդ՝ Ալեքսանտր Վարդապետին:

Սոյն հանդիպումը առաջին պաշտօնական հանդիպումն էր զոյգ վարդապետներուն միջեւ, ուր մտերմիկ հանդիպում մը ունեցան զրուցելով Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց քրիստոնեայ համայնքներուն հետ առնչուող հարցերու եւ մասնաւորաբար կազմակերպման խնդիրներու տարածաշրջանի պայմաններու լոյսին տակ եւ այլ տեղական նիւթեր:

Նշենք որ Հայ համայնքը Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ  եկեղեցին տրամադրած էր, քրիստոնեայ այլ համայնքներու կողին, նաեւ Ռուս եկեղեցւոյ իր եկեղեցական արարողութիւնները կատարելու նախքան իրենց անձնական եկեղեցին ունենալը: Սոյն հանդիպումը առիթ ընծայեց վերադարմացնելու զոյգ եկեղեցիներու մօտիկ յարաբերութիւնը տեղական կեանքէն ներս:

Կ’ուզենք յայտնել նաեւ թէ Ռուս Եկեղեցին Արաբական Միացեալ էմիրութեանց տարածաշրջանէն ներս կը կազմէ քրիստոնեայ մեծ համայնքներէն մին: