Մեր ժողովուրդի ազնիւ ուշադրութեան կը յանձնենք թէ Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ՝

Ն. Գ. ՊՐՆ. ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ

ԱՄԷ պետութեան պաշտօնական հրաւէրով պիտի այցելէ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Ապու Տապի քաղաքը, այս առիթէն օգտուելով Պրն. Նախագահը պիտի այցելէ Արաբական Միացեալ էմիրութեանց եւ Քաթարի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը:

Կոչ կ’ուղղենք մեր թեմի ժողովուրդին որ խուռներամ բազմութեամբ ներկայ գտնուին Չորեքշաբթի, 9 Նոյեմբեր 2016 երեկոյեան ժամը 5:30 Ապու Տապիի Ազգային Առաջնորդարան դիմաւորելու համար Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք Պրն. Նախագահը: