Օհաննէսեան Ազգային Վարժարանի հոգաբարձութեան նախաձեռնութեամբ 1-5 Մարտ 2015-ին Շարժայի Բիէր Քէօսէեան սրահէն ներս տեղի ունեցաւ հայ լեզուի դասաւանդման լսարան մը մէկ շաբթուայ տեւողութեամբ, որուն հետեւեցան վարժարանի ուսուցչուհիները առաւել 6 հոգիներ:

Սոյն լսարանի դասախօսն էր Հայաստանէն մասնաւոր հրաւիրուած հայ լեզուի վաստակաշատ ուսուցիչ – գրագէտ Պրն. Յակոբ Չօլաքեան: