Ուրբաթ 27 Դեկտեմբեր 2019-ին, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Հայոց Թեմէն ներս, հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Սուրբ Ստեփանոս նախասարկաւագի տօնը։
Այս առիթով Թեմի Առաջնորդանիստ՝ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցիէն ներս, տեղի ունեցաւ սարկաւագական ձեռնադրութիւն։ Սարկաւագական ձեռնադրութեան արժանացան՝ Ճորճ կիսասարկաւագ Մինասեանն ու Շանթ կիսասարկաւագ Հայրապետեանը։
Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց եւ սարկաւագական ձեռնադրութիւնը կատարեց, Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանը, որ իր օրուան պատգամին մէջ բացատրեց սարկաւագութեան կարեւոր դերակատարութեան մասին ըսելով.
«Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս նուիրապետական կարգերուն այս առաջին պաշտօնը, ծառայութեան խորհրդանիշ է։
Սարկաւագութեան հասկացողութիւնը սկիզբ առած է, առաքելական ժամանակաշրջանէն, ժողովուրդի կարիքները ապահովելու համար։ Ժամանակուայ ընթացքին եկեղեցւոյ կեանքէն ներս զարգանալով սարկաւագական հասկացողութիւնը, դարձաւ ոչ թէ միայն ժողովուրդին կարիքները հոգացող երեւոյթ, այլ՝ մասնաւորապէս եկեղեցւոյ Սուրբ Խորանին սպասարկութիւն։
Սարկաւագը արժանացաւ Քրիստոսի քաղցր լուծը կրելու, Աստուծոյ խօսքը Աւետարանի ճամբով ընթերցելու եւ Աստուծոյ Սուրբ Սեղանին խնկարկելու շնորհքները»։
Ապա Սրբազան Հայրը շարունակեց ըսելով թէ՝ “Անցնող տարիներու ընթացքին, ձեր կատարած ծառայութեամբ փաստեցիք ձեր արժանաւոր ըլլալը այս կարգին։ ժողովուրդին վկայութեամբ, հոգեկան հանգստութեամբ ու գոհունակութեամբ, մեր եպիսկոպոսական օծումէն ետք դարձաք առաջին ձեռնասունները, մեծ ուրախութիւն պատճառելով մեզի, որովհետեւ մօտէն ճանչնալով ձեզ վստահ ենք, որ պիտի արժեւորէք այս նոր պաշտօնը եւս”:
Քարոզի աւարտին Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց Թեմիս Հոգեւորականաց դասը, Ազգային Վարչութիւնը, Թաղական Խորհուրդն ու Ապու Տապիի ժողովուրդը, այսինքն Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը, սարկաւագական ձեռնադրութեան այս գեղեցիկ միջոցառման համար։
Դիւան Ազգ․ Առաջնորդարանի