Կազմակերպութեամբ Ապու Տապիի Ազգային Վարչութեան եւ նախաձեռնութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան, Չորեքշաբթի 21 Սեպտեմբեր 2016-ին տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 25-րդ տօնակատարութիւնը Ապու Տապիի Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանատան մէջ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ապու Տապիի Ազգային վարչութեան անդամ՝ Տիկ. Արփի Պաղոս, ան անդրադարձաւ անկախութեան գաղափարին: Ապա գեղարուեստական յայտագրով ասմունքեց Տիկ. Ալին Պալեան, մեներգեց Տիկ. Լուսի Թերզեան եւ երգեհոնի վրայ նուագեց Տիկ. Աստղիկ Թոզլիգեան:
Խօսք առաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Արտակարգ եւ Լիազօր դեսպան Պրն. Գեղամ Ղարիպջանեան, ուր անդրադարձաւ անկախութեան առաջին հանգրուանին եւ անոր աստիճական զարգացումներուն իր ականատեսի վկայութեամբ, ապա շնորհաւորեց վերանկախացման 25-րդ ամեակը:
Փակման խօսքը կատարեց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերապատիւ. Տէր Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Սարգիսեան: Ան առաջին հերթին շնորհաւորեց Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25 ամեակը ապա անդրադարձաւ հայրենիքի անկախութեան գաղափարին պահպանման եւ երիտասարդութեան ստանձնելիք դերակատարութեան ներկայ եւ ապագայ հայաստանը բարգաւաճ պահելու եւ երկիրը առաւել եւս զարգացնելու հրամայական պահանջքին:
Պահպանիչով եւ կարկանդակի հատումով վերջ գտաւ օրուայ հանդիսութիւնը: