Ուրբաթ, 29 Մայիս 2015-ին Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի թեմի Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Ապու Տապիի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցիներէն ներս կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն Հոգելոյս Տէր Կորիւն Արք. Պապեանի հոգւոյն:
Այս առիթով թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տէր Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան արտայայտուեցաւ Կորիւն Սրբազանի ու անոր կատարած եկեղեցական իրագործումներուն, յատկապէս տարածաշրջանէն ներս իր բերած հոգեւոր նպաստին ու առաքելութեան որ տարածուեցաւ 9 տարիներու վրայ:
Հոգշ. Հայր Սուրբը յանուն Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Ազգային Երեսփոխաններուն, ժողովականութեան ու ժողովուրդին իր խորին ցաւակցութիւնները յայտնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Հայրապետին, մաղթելով անոր քաջառողջութիւն, երկար գահակալութիւն ու բեղուն գործունէութիւն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ անոր միաբանութեան:
Դիւան
Ազգային Առաջնորդարանի