Տասնեակ տարիներու ընթացքին, հայ երիտասարդներ եւ ընտանիքներ, իրենց գործերուն բարելաւման հետամուտ, ժամանեցին Ապու Տապի եւ հակառակ պանդխտութեան եւ հայկական աւանդական միջավայրի չգոյութեան, անոնք յանձն առին ամէն տեսակի զոհողութիւն՝ ապագային բարեկեցիկ կեանք մը ապահովելու հեռանկարով։ Ի տարբերութիւն այլ երկիրներու սակայն, հոս եկողները բոլորն ալ նպատակ ունէին մի քանի տարի աշխատելէ ետք վերադառնալ իրենց ծննդավայրը եւ կամ հաստատուիլ հոն ուր ապագան աւելի փայլուն պիտի ըլլար, ուր համախմբուած հայութիւն եւ հայկական միջավայր պիտի գտնէին։ Այլ խօսքով, Ապու Տապին դէպի բարեկեցիկ ապագայ տանող ճանապարհին ժամանակաւոր հանգրուան մըն էր։ Բայց՝ շնորհիւ այս հիւրընկալ երկրի բարենպաստ պայմաններուն, եւ այդ օրերուն նախագահ (այժմ հանգուցեալ) Շէյխ Զայէտ Պին Սուլթան Ալ Նահեանին, Ապու Տապի ժամանակաւոր կերպով եկող հայերը մնացին իրենց ակնկալածէն աւելի երկար ժամանակ, ինչ որ մեծ յաջողութիւն արձանագրեց եւ հիմքը դրաւ Ապու Տապիի Հայ Գաղութին։
1976-ին խումբ մը երիտասարդներ արդէն ստեղծած էին գաղութային կեանքի կորիզ մը Ապու Տապիի մէջ, բաղկացած յանձինս Պերճ Աբրահամեանի, Հրաչ Արզումանեանի, Վարդան Ինկիլիզեանի, Կարօ Սատըգճեանի եւ Գրիգոր Ճէրէճեանի։
Արդարեւ, 1979-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Երջանկայիշատակ Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետի բարձր տնօրինութեամբ, Անթիլիասէն Ապու Տապի այցելութեան եկաւ Գերպ. Տ. Օշական Ծ. Վրդ. Չօլոյեան, (այժմ Գերշ. Տ. Օշական Արք Եպս. Չօլոյեան)։ Ան Ապու Տապիի մէջ գտաւ պարարտ հող՝ մշակելու եւ կազմակերպելու հայութիւնը։ Արդէն գոյութիւն ունէր Կիրակնօրեայ Վարժարան մը Վարդան Ինկիլիզեանի անհատական նախաձեռնութեամբ, ուր աշակերտները Հայոց լեզուն եւ կրօնը կը սորվէին։ Տեղի ունեցան հանդիպումներ, գաղափարներու փոխանակումներ եւ պատրաստակամութիւն, որոնց իբր արդիւնք, Ապրիլ 1980-ին, նշանակուեցաւ Ապու Տապիի գաղութին անդրանիկ Ազգային Վարչութիւնը, ներառնելով հայութեան բոլոր հատուածները եւ յարանուանութիւնները՝ Պերճ Աբրահամեան, Վարդան Ինկիլիզեան, Գրիգոր Ճէրէճեան, Անդրանիկ Տաղլեան, Հրաչ Արզումանեան, Միքայէլ Պատալեան եւ Վարդգէս Թավլեան։ Վարչութեան նպատակն էր կազմակերպել գաղութի կրօնական, ազգային եւ մշակութային կեանքը։ Ազգային եւ ընկերային կեանքը սկսաւ զարգանալ։ Գերապատիւ Հայր Սուրբը յաճախակի այցելութիւններով զարկ տուաւ կրօնական ինչպէս նաեւ ազգային կեանքին։ Կազմակերպուեցան ընկերային եւ մշակութային ձեռնարկներ, սկսան նշուիլ ազգային տօներ, պարբերաբար Հայր Օշական Քուէյթէն կ՛այցելէր Ապու Տապի, տեղւոյն Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Պատարագ կը մատուցէր հոգեւոր ապրում ներշնչելով համայնքին։ Սկիզբը պարբերաբար, իսկ յետագային՝ երկշաբաթեայ կանոնաւոր հերթականութեամբ, եկեղեցական արարողութիւններով Ապու Տապիի մէջ ծաղկեցաւ կրօնական կեանքը։ Արդարեւ, եկեղեցւոյ եւ անոր շուրջ ծաւալող հոգեւոր ծառայութիւնը համայնքի կեանքին մէջ սկսաւ հետզհետէ բարգաւաճիլ։
1988 թուին երբ պատահեցաւ Հայաստանի աղետալի երկրաշարժը, Ապու Տապիի Հայ գաղութը միանալով Հիւսիսային Էմիրութեանց քոյր գաղութներուն, իր նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւնը բերաւ խոցուած Հայրենիքին։
1990-ին Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց տարածքին «Հայկական Մշակութային Ընկերութիւն»-ը հիմնուեցաւ, որ կարեւոր աշխատանք տարաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մէջ։ Ընկերակցութիւնը կազմուած էր խումբ մը համախոհ հայազգիներէ, որոնց հիմնական նպատակն էր մշակութային ձեռնարկներ կազմակերպել հայ եւ օտար ազգի շրջաններուն մէջ։ Յետագային կազմի անդամներուն տեղափոխութեան պատճառաւ դադրեցաւ սոյն ընկերակցութեան գործունէութիւնը։
1992 թուականին, Հալէպի մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովին, Քույէթի եւ Արաբական Ծոցի երկիրները որպէս մէկ ամբողջութիւն հռչակուեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմ, եղելութիւն մը որ աւելի ամրապնդեց գաղութին գոյութիւնը։ Մինչեւ շրջանին թեմի վերածուիլը վարչական կազմերը կը նշանակուէին Կաթողիկոսական Փոխանորդին կողմէ։
Փետրուար 1994-ին՝ Քույէթի եւ տարածաշրջանի տասնըհինգ տարիներու Կաթողիկոսական Փոխանորդութիւնը վարող Գերպ. Տ. Օշական Ծ. Վրդ. Չօլոյեան եպիսկոպոս օծուեցաւ եւ Փետրուար 19994-ին՝ Քույէթի եւ Արաբական Ծոցի երկիրներու թեմական ընդհանուր ժողովին կողմէ ան ընտրուեցաւ Թեմին Առաջնորդ։ Մայիս 1998-ին Սրբազանը Միացեալ Նահանգներ փոխադրուեցաւ, եւ Քույէթի ու Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց յաջորդաբար Կաթողիկոսական Փոխանորդ նշանակուեցան Գերշ. Տ. Սեպուհ Եպս. Սարգիսեան (1998-2000), Գերշ. Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեան (2000-2002), Գերշ. Տ. Կորիւն Արք. Պապեան (2002-2011) եւ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան (2011-2013)։ Մարտ 2013-էն ի վեր Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Թեմի Առաջնորդն է Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան (նախ՝ որպէս Կաթողիկոսական Փոխանորդ 2013-2019, Ապա որպէս Առաջնորդ 2019-էն մինչեւ օրս)։
1993-1995 Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները ունեցաւ իր մնայուն անդրանիկ հոգեւոր հովիւը, Հոգշ. Տ. Բաբգէն Վրդ. Չարեան։ Հոգշ. Տ. Փառէն Վրդ. Վարդանեան հովուական պաշտօն կատարեց կարճ միջոցի համար, ինչպէս նաեւ յաճախ այցելու հոգեւորականներ եղած են շրջանէն ներս։ 1998-էն մինչեւ օրս, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց հոգեւոր հովիւն է Արժ. Տ. Արամ Քհնյ. Տէյիրմէնճեան։ Իսկ 2018-ին Ապու Տապին ունեցաւ իր առանձին Հոգեւոր Հովիւը՝ Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըքճեանը։