Հինգշաբթի, 26 Սեպտեմբեր 2013-ի երեկոյեան ժամը 5:30-ին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Վարժարանի բացումը կատարուեցաւ Շարժայի համալիրէն ներս:
Աշակերտները Տէրունական աղօթքէն ետք դիմաւորուեցան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հայր Սուրբին եւ Քահանայ Հօր կողմէն: Նախքան Հաղորդութիւնը Հոգեշնորհ Հայր Սուրբը մտերմիկ զրոյց մը ունեցաւ աշակերտներուն հետ, եւ անոնք հաճելի կերպով ունկնդրեցին Հայր Սուրբին հարցադրումները: Ան անդրադարձաւ Կիրակնօրեայ Վարժարանի կարեւորութեան եւ շեշտեց անոր կրօնաբոյր նպատակը, նշելով որ կիրակնօրեայ դպրոցը այն միջավայրն է ուր Հայ մանուկը Քրիստոնէական, հայկական ու մարդասիրական սկզբունքներով կը թրծուի քրիստոնէական հաւատքի ջահակիրը դառնալով: Ս. Հաղորդութիւնը ճաշակելէ ետք աշակերտները խանդավառութեամբ բարձրացան իրենց դասարանները, սկսելով նոր տարեշրջանի կրօնական դասաւանդութեան:
Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Վարժարանը 12 տարիէ ի վեր կը ծառայէ Հայ մանուկի հոգեմտաւոր ներաշխարհին մէջ թրծելու աւետարանին սերմերը: Կիրակնօրեայ Վարժարանը ունի 70 աշակերտ-աշակերտուհիներ եւ տարուէ տարի աճ կ’արձանագրէ: