Շարժայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները ճրագալոյցի Ս. Պատարագի արարողութենէն անմիջապէս ետք Յիսուս Մանուկի Ծնունդը աւետեցին հաւատացեալ ժողովուրդին եկեղեցւոյ բակէն ներս:
Աշակերտները գեղեցիկ կերպով ներկայացուցին՝ փունջ մը Ծննդեան երգեր եւ շարականներ, Սուրբ գրային համարներ եւ Ս. Ծնունդի բարի լուրը աւետեցին ներկաներուն՝ «Երկնքի բարձրութեան մէջ Աստուծոյ Փառք, Երկրի վրայ Խաղաղութիւն եւ Մարդոց մէջ Հաճութիւն».
Ներկաները Նախագահութեամբ՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մեսրոպ Եպս․ Սարգիսեանի, իրենց ծափողջոյններով եւ մասնակցութեամբ բարձր գնահատեցին Կիրակնօրեայ Վարժարանի աշակերտներուն կատարումը, ուսուցչուհիներուն աշխատանքը եւ Ս. Ծննդեան ուրախութեամբ բաժնուեցան:
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ
Կիրակնօրեայ Վարժարան