Հինգշաբթի, 17 Ապրիլ 2014-ին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ արտաքին պարիսպի երեք դռները հիմնովին փոփոխութեան ենթարկուեցան բարերարութեամբ Պրն. Վիքթոր Պարուտի:
Անցեալ 6 ամսուայ ընթացքին Պրն. բարերարը անձամբ հսկեց եւ մօտէն հետեւեցաւ դռներու ամբողջացումին: Հոգեշնորհ Հայր Սուրբը եւ Արժանապատիւ Տէր Հայրը զանազան առիթներով այցելեցին Պրն. Վիքթորի հաստատութիւնը զանազան գաղափարներու փոխանակման Պրն. բարերարին հետ: Դռները ամբողջութեամբ երկաթեայ մետաղով ձեռային արտադրութիւն են, երկու մեծ դռները կը կրեն Աստուածաշնչական բնոյթ կրող գաղափարներ՝ մին Նոյեան Տապանի պատկերացումն է, երկրորդը Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի ձեռամբ կատարուած մկրտութիւնը Տրդատ Թագաւորին, իսկ երրորդ դուռը արուեստագիտական նրբաճաշակով նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան 1,5 միլոն նահատակներուն յիշատակին:
Մեր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնենք Պրն. բարերարի ազնիւ նուիրատուութեան: