Ուրբաթ, 13 Փետրուար 2015 թուականին ԱՄԷ տարածաշրջանէն ներս գտնող Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Ապու Տապիի Ս. Նահատակաց եկեղեցիներէն ներս, հանդիսաւորապէս նշուեցան Քրիստոսի տաճար ընծայման (Տեառնընդառաջ) եւ Ս. Վարդանանց Ճակատամարտի տօները:
ԱՄԷ եւ Քաթարի Կաթողիկոսական Փոխանորդի Հոգշ. Տէր Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեանի նախագահութեամբ, եւ ներկայութեամբ շրջանի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Արամ Քհնյ. Տէյիրմէնճեանի, Շարժայի մէջ սկիզբ արաւ արարողութիւնը Ս. եւ Անմահ Պատարագով որուն յաջորդեց նախատօնակի աւանդական երեխաներու տաճար ընդունման արարողութիւնը, իսկ Ապու Տապիի Ս. Նահատակաց Եկեղեցիէն ներս սկիզբ արաւ արարողութիւնը Երեկոյան ժամը 6:00-ին: Այս առիթով Հոգշ. Հայր Սուրբը իր քարոզին մէջ լայնօրէն անդրադարձաւ քրիստոսի տաճար ընծայման ու անոր խորհուրդին մասին մատնանշելով որ իւրաքանչիւր Քրիստոնեայ Աստուծոյ կողմէ ընծայ է որ իր ծնողքին առաջնորդութեամբ կը նուիրուի քրիստոսի:
Ապա անդրադառնալով Վարդանանց պատերազմէն եկող պատգամին, Հոգշ. Հայր Սուրբը կարեւորութեամբ շեշտեց վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց մղուած այս ճակատամարտի մասին ըսելով.- «դարեր շարունակ Վարդանանց Ճակատամարտի մարտունակ ոգիով, ազգային գիտակցութեամբ ու յատկապէս հաւատքի պահպանութեամբ սերունդներ կերտուեցան, իրենց կրօնի ու հայութեան գոյապայքարը շարունակեցին պատմութեան ամենադժուար պայմաններուն տակ: Մեր սպասումն է որ նոյն այդ գիտակցութեամբ նաեւ ներկայ սերունդը, նոյն դաստիարակութեան շունչով շարունակէ ջահակիրը դառնալ Վարդանանց Պատերազմին ու անոր ոգիին: Հետեւաբար բոլորս ալ պատասխանատու ենք Վարդանանց Պատերազմի դրօշը վառ պահելու մեր հաւատքի ու ազգային կեանքէն ներս»:
Նկատի ունենալով ԱՄԷ եւ Քաթարի թեմի տարածաշրջանի պայմանները ու յատկապէս երկշաբաթեայ դրութեամբ տեղի ունեցող պատարագներու կարգը, յաճախակի առիթներով կարգ մը տօներ միասնաբար կը տօնուին, կամ մի քանի օր կանուխ կամ ուշ կը յիշուին եկեղեցական արարողութեանց ընթացքին: Այս իմաստով Հոգշ. Հայր Սուրբը Սուրբ Վարդանանց Պատերազմի ու Տեառնընդառաջի տօներուն նաեւ հարմար առիթը գտաւ խօսելու Մեծ Պահոց ու յատկապէս բուն բարեկենդանի մասին:
Հոգշ. Հայր Սուրբը իր քարոզի աւարտին անդրադարձաւ անցնող երկու շաբաթներու ընթացքին Երեւանի մէջ գումարուած Հայաստանի Հանրապետութեան Հայոց Ցեղասպանութեան 100 Ամեակի Պետական Յանձնախումբի ժողովներուն եւ Սրբադասման արարողութեան: Ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքէն ներս տեղի ունեցած կրօնական- քաղաքական խառն ժողովի ու թեմակալ առաջնորդներու հանդիպումներուն մասին: