Արաբական Միացեալ էմիրութեանց Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տէր Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան Երեքշաբթի, 27 Յունուար 2015-ին առաւօտեան մեկնեցաւ Երեւան մասնակցելու Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակի նշման կեդրոնական յանձնախումբի ժողովին, որմէ ետք Հոգշ. Հայր Սուրբը պիտի մեկնի Լիբանան մասնակցելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան կրօնական ժողովի նիստերուն եւ թեմակալ առաջնորդներու հանդիպումին:

Այս առիթով Չորեքշաբթի, 4 Փետրուար 2015-ին Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի Վեհարանի Դահլիճէն ներս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա. Վեհափառի կողմէ Ասպետի շքանշանով պիտի պարգեւատրուի Ապու Տապի Հայ գաղութի ազգային կեանքէն ներս երկար տարիներու իր ծառայութիւնը մատուցող եւ Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ շինարարական յանձնախումբի անդամ՝ Պրն. Գրիգոր Մահսերեճեանը:

Դիւան Առաջնորդարանի