Ուրբաթ, 12 Յունիս 2015-ի առաւօտուն, Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարտինալ Փիեթրօ Փարոլին ընկերակցութեամբ Արաբական Ծոցի երկիրներու Պապական Նուիրակ Փեթար Րաճիչ Եպիսկոպոսի եւ օգանականներուն այցելեց Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Ազգային Առաջնորդարան, Ապու Տապի, ուր դիմաւորուեցաւ Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեանին, Ազգային Երեսփոխանական ժողովի ու Ազգային Վարչութեան ատենապետներուն եւ ժողովականներուն կողմէ:

Կարտինալը նախ առաջնորդուեցաւ Ս. Նահատակաց Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցի եւ Ս. Խորանին առջեւ իր աղօթքը մատուցեց: Հայր Մեսրոպ Կարտինալին եւ անոր ընկերակցող շքախումբին բացատրութիւններ տուաւ նորակառոյց եկեղեցւոյ եւ նոյն շրջափակէն ներս գտնուող Ազգային Առաջնորդարանին ու դպրոցին մասին:

Ապա, անոնք ուղղուեցան Ազգային Առաջնորդարանի դահլիճը, ուր Կաթողիկոսական Փոխանորդը նախ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին ողջոյնները փոխանցեց եւ ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Կարտինալին այցելութեան համար: Հայր Սուրբը խօսեցաւ թեմական կառոյցներուն աշխատանքներուն ու գործունէութեանց մասին: Ան նաեւ անդրադարձաւ շրջանէն ներս տարուող միջ-եկեղեցական աշխատանքներուն, շեշտելով եկեղեցիներու համագործակցութեան կարեւորութիւնը:

Կարտինալ Փարոլին իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց այս հրաւէրին եւ իրեն ընձեռուած առիթին համար: Կարտինալը անդրադարձաւ Վատիկանի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջեւ առկայ սերտ գործակցութեան, ինչպէս նաեւ մեծարանքով խօսեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին անձին ու միջ-եկեղեցական եւ միջ-կրօնական բնագաւառէն ներս ունեցած կարեւոր ներդրումին մասին: Վերջապէս, Կարտինալ Փարոլին ուրախութեամբ արտայայտուեցաւ հայ ժողովուրդին հաւատքին արգասիքը հանդիսացող նորակառոյց եկեղեցւոյ ու Ազգային Առաջնորդարանի գեղեցիկ համալիրին մասին:

Նշենք, որ Հինգշաբթի, 11 Յունիս 2015-ի երեկոյեան, Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան, ներկայ գտնուեցաւ նորակառոյց Կաթոլիկ Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ բացումին: Ներկայ էին նաեւ Ա.Մ. Էմիրութիւններու Մշակոյթի Նախարար Շէյխ Նահեան Պըն Մուպարաք Էլ-Նահեան, պետական բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, արաբական այլ երկիրներէ ժամանած պետական հիւրեր եւ դեսպաններ: