Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Թեմէն ներս հայեցի դաստիարակութիւնը ու հայ լեզուի պահպանման աշխատանքները այս տարի եւս վերսկսան խանդավառ ու աշխոյժ մթնոլորտի մէջ:

Շաբաթ, 3 Հոկտեմբեր 2015-ին առաւօտեան Ապու Տապիի Ազգային Միօրեայ Վարժարանի վերամուտը կատարուեցաւ AIS դպրոցէն ներս, աւելի քան 40 աշակերտներու արձանագրութեամբ եւ դասաւանդութեամբ:

Կ’ուզենք յայտնել թէ անցնող վեց տարիներու ընթացքին Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Թեմի Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տէր Արամ Քհնյ. Տէյիրմէնճեանի տնօրէնութեան եւ հսկողութեան տակ կը գործէ Ապու Տապիի Ազգային Վարժարանը: