Ապու Տապիի հայկական միօրեայ վարժարանի տեսչութիւնը եւ ուսուցչական կազմը այս տարի իր սեփական վարժարանէն ներս մեծ ուրախութեամբ ու բարձր տրամադրութեամբ դիմաւորեց աշակերտութիւնը:
Երկար տարիներու սպասումէ ետք անցնող Մայիս ամսուայ ընթացքին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ձեռամբ Սրբոց Նահատակաց համալիրէն ներս բացումը կատարուեցաւ Ապու Տապիի Արա Խանոյեան Ազգային Վարժարանին: Նշենք թէ անցնող տարիներու ընթացքին Ապու Տապիի միօրեայ հայկական վարժարանը կը գործէր այլ միջավայրի մէջ նկատի ունենալով կեդրոնի բացակայութեան:
Այս տարի, յատուկ կերպով նորակառոյց Սրբոց Նահատակաց համալիրէն ներս, նոր տեսչութեամբ եւ ուսուցչական կազմի գործակցութեամբ Շաբաթ 24 Սեպտեմբեր 2016-ին պաշտօնական կերպով բացումը կատարուեցաւ 2016-2017 Արա Խանոյեան Ազգային Միօրեայ Վարժարանի տարեշրջանին: