Ապրիլեան Նահատակաց Յուշակոթող

Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն անմար յիշատակը յաւերժացնելու համար, Հայրենիքի եւ Սփիւռքի տարբեր գաղթօճախներուն մէջ զետեղուած են յուշակոթողներ, յուշարձաններ ու Խաչքարեր: Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ բակին մէջ, զետեղուած է խաչքար մը, որ նուիրուած է Ապրիլեան Նահատակներուն: Յուշարձան Խաչքարին պաշտօնական բացումը տեղի ունեցած է եկեղեցական արարողութեամբ եւ ժողովուրդի հոծ բազմութեան մասնակցութեամբ 23 Ապրիլ 1999-ին: Խաչքարը նուիրած է Հայաստանաբնակ Սուքիասեան ընտանիքը: Խաչքարը երկու թոն կը կշռէ եւ պատրաստուած է հայկական տուֆ քառէն: Սուքիասեան ընտանիքը սիրայօժար կերպով զայն օդանաւով ուղարկած է Շարժա հոգալով փոխադրութեան բոլոր ծախսերը: Համաձայն Տուպայի եւ Հիւսիսային Էմիրութեանց օրէնսդիր եւ գործադիր կազմի որոշումին, Խաչքարը կոչուած է Ապրիլեան...

Read More

Գրադարան

Ժողովուրդներու պատմութեան ընթացքին գրադարանները միշտ եղած են ուղղելու, լուսաւորելու եւ զարգացնելու հիմնական աղբիւրը, անոր համար է որ ամէն մէկ կրթական հիմնարկ, դպրոցներ եւ ազգային հաստատութիւններ ունեցած են սեփական գրադարաններ եւ միշտ տոգորուած են հայ գիրքի պանծացման գաղափարներով

Read More