Ուրբաթ 4 Դեկտեմբեր 2015-ին երեկոյեան Ս. Պատարագ մատուցեց Ապու Տապիի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց թեմէն ներս հիւրաբար գտնուող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբաններէն՝ Հոգշ. Տէր Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան:

Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին, Կազմակերպութեամբ Ապու Տապիի Տիկնանց յանձնախումբին Ազգային Առաջնորդարանի մուտքին զետեղուած տօնածառի լուսաւորումը կատարուեցաւ Ապու Տապի գաղութի բազմութեան ներկայութեան:

Այս առիթով խօսք առաւ Տիկնանց Յանձնախումբի ատենապետուհի՝ Տիկին Գարմեն Պալեան ուր ողջունեց եւ բարի գալուստ մաղթեց ներկաները ու շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց քաջալերանքին Տիկնանց Յանձնախումբին կազմակերպած ձեռնարկներուն մասնակից դառնալով: Ապա խօսք առաւ Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Հոգշ. Տէր Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան որ առաջին հերթին գնահատեց Տիկնանց յանձնախումբի կատարած աշխատանքը ինչպէս նաեւ գնահատեց Ազգային Վարչութեան աշխատանքը, յատկապէս տարեկան պարահանդէսի կազմակերպութիւնը եւ յաջողութիւնը: Ան նաեւ գնահատանքով խօսեցաւ եկեղեցւոյս թաղական խորհուրդի ծառայութեան, ապա խօսքը ուղղելով երիտասարդութեան հրաւիրեց որ անոնք մնայուն կերպով իրենց մասնակցութիւնը բերեն Ազգային-Եկեղեցական կեանքէն ներս որպէս սիրտը այս գաղութին: Հոգշ. Հայր Սուրբը խօսքը ուղղելով ներկաներուն անգամը եւս շեշտեց կարեւորութիւնը համալիրին եւ եկեղեցւոյ եւ անոնց առաքելութիւնը անցնող մէկ տարուայ ընթացքին: