Շարժա — Տուպայի շրջաններուն համար Օհաննէսեան Ազգային Միօրեայ Վարժարանը իր առաքելութիւնը կը շարունակէ հայ մանուկներուն եւ պատանիներուն ջամբելու հայեցի դաստիարակութիւն: Ուշագրաւ երեւոյթ է որ անցնող 35 տարիներու ընթացքին վարժարանը յատկանշուած է իր տնօրէնութեամբ եւ ուսուցչական կազմին նուիրեալ աշխատանքով:
Ազգային Վարչութեան հովանաւորութիւնը վայելող Օհաննէսեան Միօրեայ Վարժարանի Հոգաբարձութիւնը գնահատելով ուսուցչական կազմը ու տնօրէնութիւնը Հինգշաբթի, 13 Մարտ 2014-ին երեկոյեան ուսուցիչներու տօնին առիթով պաշտօնական ընթրիք կազմակերպեց ուսուցիչ ուսուցչուհիներուն որոնք անվճար կերպով կը ծառայէն հայոց վարժարանէն ներս:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ հոգաբարձութեան կազմի ատենապետ Պրն. Պետրոս Պետերճիքեան: Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ օրուան խորհուրդին մասին եւ բարձրօրէն գնահատեց Օհաննէսեան Միօրեայ Վարժարանի ուսուցչաց կազմին ծառայութիւնը: Ապա Ազգային Վարժարանի տնօրէնուհին իր խօսքին մէջ դրական կերպով անդրադարձաւ տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմի փոխ յարաբերութեան եւ փոխադարձ յարգանքի մասին: Յանուն Ազգային Վարչութեան ելոյթ ունեցաւ Տիկին Վարդուկ Գարակիւլլէեան, յանուն Ազգ. Վարչութեան ան իր գնահատանքը ու քաջալերական խօսքը փոխանցեց ներկաներուն մատնանշելով թէ Ազգային Վարչութիւնը մնայուն զօրավիգ է դպրոցին:
Ընթրիքի ընթացքին ուսուցչական կազմի մասնակցութեամբ խանդավառ մթնոլորտ ստեղծուեցաւ ներկաներուն միջեւ ասմունքով ու ազգայնաշունչ երգերով: Ապա հրաւիրուեցաւ Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հայր Սուրբը հուսկ բանքը արտասանելու: Հայր Սուրբը անդրադարձաւ Սփիւռքի կեանքէն ներս Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց միօրեայ Վարժարանի կարեւորութեան եւ ազգային ոգին վառ պահելու անհրաժեշտութեան: Ապա իր խօսքը ուղղելով դասատուներուն գլխաւոր 3 կէտեր անոնց ուշադրութեան յանձնեց՝
- Նուիրում իրենց ստանձնած ծառայութեան:
- Հաւատարմութիւն ազգային արժեքներու եւ հայ լեզուի նկատմամբ:
- Զոհողութիւն իրենց կատարած անվճար գործունէութեան:
Խօսքի աւարտին Հայր Սուրբը զանոնք կոչեց առաքեալներ որոնք Հայ լեզուն, կրօնը ու Հայոց պատմութիւնը բաժին կը դարձնեն նորահաս սերունդին սրտերուն մէջ անապատի այս տարածքին մէջ: