Երեքշաբթի, 22 Ապրիլ 2014-ին երեկոյեան ժամը 5:00-ին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ գրասենեակէն ներս Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հայր Սուրբը ընդունեց Berit Thorbjornsrud Նորուէկեացի թղթակիցը:
Շուրջ մէկ ժամ տեւող հանդիպման ընթացքին թղթակիցը տեղեկութիւններ հաւաքեց Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Հայ գաղութին, եկեղեցական ու ազգային կեանքին, գործող Հայկական միօրեայ զոյգ վարժարաններու մասին, ինչպէս նաեւ Հայ համայնքի պետական գրասենեակներու փոխ յարաբերութեան:
Թղթակիցը յատուկ կերպով Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ կը գտնուի Քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու ու համայնքներու իրավիճակը ուսումնասիրելու համար: