Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, հակառակ իր աշխարհագրական դիրքին, Մեծ պահոց ժամանակաշրջանին կը փորձէ ամբողջական կերպով եկեղեցական արարողութիւնները կատարել եւ ժողովուրդը քաջալերել եկեղեցի յաճախելու: Մեծ պահոց արարողութեանց ծիրէն ներս բնականաբար կը մատուցուի երկշաբաթեայ դրութեամբ Ս. Պատարագի արարողութիւն փակեալ խորանով եւ անոր կողքին շաբաթը 2 անգամ կը կատարուի կիրակի առաւօտեան՝ Արեւագալի ժամերգութիւն եւ Չորեքշաբթի երեկոյեան՝ հսկումի արարողութիւն:
Ուշագրաւ երեւոյթ դարձաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Վարժարանի աշակերտութեան մասնակցութիւնը Չորեքշաբթի երեկոյեան հսկումի արարողութեան, յատկապէս աշակերտները ընթերցեցին Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի (Հաւատով Խոստովանիմք) աղօթքները: