Ուրբաթ 18 Յունուար 2019-ին տեղի ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի Է. ընտրութիւն:
Հետ քուէարկութեան Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի անդամ ընտրուեցան հետեւեալ ազգայինները՝
Տուպայի եւ Հիւսիսային Էմիրութիւններ
1. Անժէլ Գասամանեան Սապա
2. Թամար Չուխաճեան Գաւլաքեան
3. Կարապետ Հրեշտակեան
4. Մարտօ Յովսէփեան
5. Յարութ Պետրոսեան
6. Պետրոս Պետրճիկեան
7. Սեպուհ Մանճիկեան
Ապու Տապի
1. Բագրատ Պալապանեան
2. Յակոբ Արսլանեան
3. Վահէ Թուխմանեան
Որոնք պիտի պաշտօնավարեն գալիք 4 տարիներուն որպէս թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի անդամներ:
Այս առիթով Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան 19 Յունուար 2019, ԱԱ-Շ002/19 թուակիր նամակով խնդրեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետէն որ վաւերացնէ նորընտիր Ազգային Երեսփոխանները, եւ առ ի պատասխան Սրբազան Հօր նամակին Վեհափառ Հայրապետը իր թիւ 5/19, 21 Յունուար 2019 նամակով վաւերացուց նորընտիր երեսփոխանները:
Յաջողութիւն կը մաղթենք մեր նորընտիր Ազգային Երեսփոխաններուն մաղթելով անոնց ազգանուէր ծառայութիւն թեմի աշխատանքներէն ներս:
Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի