Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի երկիրներու թեմը կազմուած է Քուէյթի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Պահրէյնի, Քաթարի, Օմանի, Սուէտական Արաբիոյ հայ եկեղեցւոյ զաւակներէն։ Կ՚ըսուի թէ 16-րդ դարու սկիզբէն հայերը գործի բերումով, բնակած են Ծոցի երկիրներուն մէջ, հայ վաճառականներ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ տեղի ունեցած առեւտուրի հիմնական կազմակերպիչներն էին։
Դէպի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ մեծաթիւ գաղթը սկսած է 1975-էն ետք, գաղթը կը շարունակուի մինչեւ օրս, Սուրիայէն, Լիբանանէն, Պարսկաստանէն, Եգիպտոսէն, Իրաքէն, Հայաստանէն, Ռուսաստանէն, Եւրոպական երկիրներէն, Ամերիկայէն եւ Գանատայէն։ Ուրիշ ազգերու նման, հայեր եւս աշխատանքի բերումով տեղափոխուած են եւ բնակութիւն հաստատած Ա.Մ.Է. մէջ։ Անցեալին այդքան դիւրին չէ եղած աշխատիլ եւ ապրիլ տաք եւ խոնաւ անապատին մէջ, սակայն երկրին տնտեսական կայուն վիճակը, ազատ մթնոլորտը եւ միջազգային ներդրումները ապահոված են գործի անվտանգութիւն եւ հետեւաբար աւելի հանգիստ կենցաղային պայմաններ։
Հայերու հոսքը դէպի Էմիրութիւններ աւելցած է տարուէ տարի։ Վճակագրական տուեալներ չկան ճշգրիտ հաստատելու համար, թէ որքան է Ա.Մ.Է. մէջ ապրող հայերու ընդհանուր թիւը։ Այսօրուան պայմաններով մօտաւոր հաշուարկներով կը գնահատուի 5000-6000։
1977-ին Տուպայի Սուրբ Երրորդութիւն Անգլիական եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած է հայ ծէսով առաջին պատարագը, ապա Քուէյթէն եւ Անթիլիասէն պարբերաբար հրաւիրուած են հոգեւոր հովիւներ։
1979-ին Արաբական Ծոցը դարձաւ Կաթողիկոսական Փոխանորդութիւն, ենթակայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, նիւթապէս եւ բարոյապէս համարատու անոր։
1980-ին կազմուեցան Տուպայ-Շարժայի եւ Ապու Տապիի առաջին Ազային Վարչութիւնները, հիմը դրին Շարժայի եւ Ապու Տապիի միօրեայ վարժարաններուն, հայրենիքէն դուրս սփիւռքեան պայմաններուն մէջ հայ աշակերտը չզրկելու հայկական կրթութենէն, վարձու դպրոցներուն մէջ։ Յիշեցնենք որ հայ աշակերտները իրենց ամէնօրայ կրթութեան համար կը յաճախեն օտար դպրոցներ, իրենց ընդհանուր կրթութեան համար։ Անվճառ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու հոգատար օժանդակութեամբ, թէեւ ոչ յարմարատեւ պայմաններու տակ, սկիզբ առաւ Հայերէն լեզուի, Հայոց Պատմութեան, Կրօնի եւ Երգի դասաւանդութիւնները։
1980-ականներէն յետոյ հետզհետէ Էմիրութեանց հայութեան կազմակերպուածութիւնը, թուական աճը, աշխոյժ ազգային կեանքը պատճառ եղան որ 1992-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովը, Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի երկիրներու շրջանը յայտարարէ Թեմ։ Մինչ Քուէյթը կազմակերպուած գաղութ էր, բայց դեռ Թեմի չէր վերածուած։ 1993-ին Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց հայ համայնքը ունեցաւ իր մնայուն առաջին հոգեւոր հովիւը՝ Հոգշ. Տ. Բաբգէն Վրդ. Չարեան։ Զոյգ գաղութները ունեցան կիրակնօրեայ վարժարան, որոնք մէջ դասաւանդուեցան կրօն եւ բարոյական արժէքներ։
Գաղութի մէջ բնակող ազգայիններ շարունակ նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւն ցուցաբերեցին եւ յարմար պայմաններ ստեղծեցին օտար եկեղեցիներու ու դպրոցներու սրահներուն մէջ կանգուն պահելու համայնքին կեանքը՝ յանուն հայ նոր սերունդի կրօնական եւ հայեցի դաստիարակութեան։
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնը 1994-ին վերածուեցաւ Թեմի։ Մինչեւ շրջանը Թեմի վերածուիլը Վարչական կազմերը կը նշանակուէին Կաթողիկոսական Փոխանորդին կողմէ։ Այսօր Ազգային կեանքը կը ղեկավարուի թեմական կառոյցով, որուն կը նախագահէ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։ Արաբական Միացեալ Էմիրութեան մէջ Թեմական Մարմինը գաղութի գերագոյն եւ օրէնսդիր ժողովն է, եւ կը բաղկանայ 16 անդամներէ (Առաջնորդ Սրբազանը որպէս ժողովի գլխաւոր հովանաւորող, 2 հոգեւորականներ՝ Ապու Տապիի հոգեւոր հովիւ եւ Շարժայի հոգեւոր հովիւ եւ 13 աշխարհականներ՝ 7 հոգի Տուպայի եւ Հիւսիսային Էմիրութիւններէն, 3 հոգի Ապու Տապիէն եւ 3 հոգի Քաթարէն)։ Երեսփոխաններուն պաշտօնավարութեան շրջանը 4 տարի է։ Յիշենք որ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մէջ Երեսփոխանական Ժողովի քուէարկութեան կը մասնակցին 18 տարեկան եւ անկէ վեր տարիք ունեցող համայնքի բոլոր հայ անդամները, առանց դաւանանքի խտրութեան (Հայ Կաթոլիկ, Բողոքական), ինչ որ յատուկ է միայն այս Թեմին եւ եզակի երեւոյթ ընդհանրապէս սփիւռքի ազգային եկեղեցական կեանքէն ներս։
Գաղութի գործադիր մարմինը Ազգային Վարչութիւնն է, որ կ՛ընտրուի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովիի կողմէ երկամեայ շրջանի մը համար։ Ազգային Վարչութիւնը իր կարգին եկեղեցւոյ պայծառութեան համար կը նշանակէ Թաղական Խորհուրդ, Դպրոցին Հոգաբարձութիւն եւ ըստ կարիքի կը յառաջացնէ յանձնախումբեր։ Բոլոր յանձնախումբերը կը նշանակուին եւ համարատու են Ազգային Վարչութեան։
1997-ին Շարժայի մէջ սկսաւ եկեղեցւոյ եւ դպրոցի շէնքի շինութեան աշխատանքները։ Հիւսիսային Էմիրութեանց հայ բնակչութեան ի պատիւ, գաղութի բարերար հովանաւորներու եւ եկեղեցւոյ Շինութեան Յանձնախումբի եւ Կաթողիկոսական Փոխանորդ Սրբազանին միասնական եւ տքնաջան աշխատանքներով, 1998-ին կատարուեցաւ օծումը Շարժայի Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ՝ ձեռամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի, ապա բացումը կատարուեցաւ Համալիրին, դպրոցին եւ հանդիսասրահին։
1980-էն մինչեւ 2020 Արաբական Ծոցի Առաջնորդի եւ Կաթողիկոսական Փոխանորդութեան պաշտօն վարած են հետեւեալ հոգեւորականները՝
- Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չոլոյեան 1980-1998
- Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան 1998-2000
- Գերշ. Տ. Եփրեմ Արք. Թապաքեան 2000-2002
- Գերշ. Տ. Կորիւն Արք. Պապեան 2002-2011
- Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան 2011-2013
- Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան 2013-էն մինչեւ օրս։
Յայտնենք թէ 2013 թուականին Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանի օրով, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Թեմը կը բաժնուի Քուէթի եւ շրջակայից թեմերէն եւ որպէս Արաբական Միացեալ Էմիրութեան եւ Քաթարի Հայոց ԹԵմ կը շարունակէ իր եկեղեցական առաքելութիւնը։
Իրերայաջորդ Ազգային Վարչութեանց գործունէութիւնը իր յանձնախումբերով եղած է կազմակերպել յուշահանդէսներ, ազգային-կրօնական հանդիսութիւններ յաւուր պատշաճի, մշակութային եւ ընկերային ձեռնարկներ, հասնող սերունդին տալ Հայեցի դաստիարակութիւն, երիտասարդութեան առիթ տալ կազմակերպուելու եւ մասնակից դարձնել զանոնք գաղութի կրօնական, մշակութային եւ ընկերային կեանքին։ Այսօր ազգային ղեկավարութիւնը կը ծառայէ գաղութին եւ կը կազմակերպէ կրօնական-ազգային տօնակատարութիւններ, հանդէսներ, խրախճանքի երեկոներ, ձեռային աշխատանքի վաճառք։ Հայաստանէն եւ այլ երկիրներէն դասախօսներու, արուեստագէտներու եւ գեղարուեստական խումբեր հրաւիրելով ելոյթներ կը կազմակերպէ։
Հայերուն 90 առ հարիւրը պաշտօնեայ է, կան բարձր դիրքի հասած վարիչ պաշտօնեաներ եւ տնօրէններ, գործատէրեր, անձնական առեւտուրով զբաղողներ, որոնք հայութեան 10 առ հարիւրը կը կազմեն։ Հայ պաշտօնեաներուն մէջ համեմատաբար մեծ թիւ կը կազմեն երկրաչափեր, ճարտարագէտներ եւ տնտեսագէտներ։
Ա.Մ.Է. մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատունը կը գործէ 2000 թուականէն սկսեալ վարձու շէնքի մէջ, ապա 2007-էն սկսեալ իր սեփական կառոյցին մէջ։ Ապու Տապիի դեսպանութիւնը բարոյական դիկունք եւ բարձր հեղինակութիւն է հայ գաղութին համար։ Համայնք եւ դեսպանութիւն յարաբերութիւնները զարգացած են փոխադարձ յարգանքի հիմքերով եւ համագործակցութեան մթնոլորտի մէջ։ Հայ մշակոյթն ու արուեստը ներկայացնելու, Հայաստան-Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ մշակութային կապերը զարգացնելու ուղղութեամբ կարեւոր դեր կը կատարէ Ծոցի տարածաշրջանի Հ.Հ. Դեսպանութիւնը, կազմակերպելով մշակութային ելոյթներ, հայրենի հանրածանօթ արուեստագէտներու կատարողութեամբ։ Ազգային Վարչութիւնները Դեսպանատան հետ համագործակցաբար ձեռնարկելու յաջողութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն քարոզչական աշխատանքով։