Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Բ. Ժողովը, առաջին անգամ ըլլալով գումարուեցաւ Ապու Տապիի նորակառոյց Ազգային Առաջնորդարանէն ներս 24-25 Փետրուար 2016-ին, նախագահութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի հայոց թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Հոգշ. Տէր Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեանի եւ մասնակցութեամբ թեմիս 13 Ազգային Երեսփոխաններու ներկայացնելով Ապու Տապիի, Տուպայ-Հիւսիսային Էմիրութեանց եւ Քաթարի տարածաշրջանները: Երկու օրերու վրայ տարածուած մասնակիցները Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի ճամբով խորհրդակցեցան, քննարկեցին ու որոշումներ ներկայացուցին շրջանի նորակառոյց թեմի ու Ազգային Առաջնորդարանի առաւել ծաղկման ու գործունէութեան:
Օրակարգի հիմնական նիւթերը հանդիսացան՝ 3 շրջաններէն ներս գործող Ազգային Վարչութեանց նիւթաբարոյական տեղեկագիրներու ներկայացում եւ քննարկում, Ազգային Առաջնորդարանի գործունէութիւն, Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան եւ օծման 20 ամեայ տօնակատարութիւնները թեմէն ներս, կանոնագրի պատշաճեցումը ներկայ թեմի պայմաններուն եւ այլ հարցեր որոնք անմիջական կապ ունին մեր եկեղեցական, ազգային ու ժողովուրդի առօրեայ կեանքին հետ:
Սոյն ժողովին նաեւ իրենց մասնակցութիւնը բերին 3 շրջաններու Ազգային Վարչութեանց անդամները, ինչ որ մեծապէս գնահատելի ու քաջալերական երեւոյթ մըն էր յատկապէս ժողովական կեանքը աւելի ծաղկեցնելու:
Ստորեւ կը ներկայացնենք Արաբական Միացեալ էմիրութեանց եւ Քաթարի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական ժողովի անուանացանկը՝
Արժ. Տէր. Արամ Քհնյ. Տէյիրմէնճեան (Ա. Քարտուղար)
Ապու Տապի
Պրն. Վահէ Երեցեան(Փոխ ատենապետ)
Պրն. Վահէ Թուխմանեան
Պրն. Ռաֆֆի Սիմոնեան
Տուպայ եւ Հիւսիսային Էմիրութիւններ
Պրն. Հրայր Սողոմոնեան(Ատենապետ)
Պրն. Սեպուհ Մանճիկեան(Բ. Քարտուղար)
Պրն. Վարուժ Ներկիզեան
Պրն. Հայկազ Թահմազեան
Պրն. Փառէն Յովսէփեան
Պրն. Մայք Գորուքեան
Պրն. Մուշեղ Պետիրեան
Քաթար
Պրն. Սթիւ Գարամարտեան
Պրն. Յովիկ Մխիթարեան
Պրն. Վահէ Հաւանճեան