Ընդառաջելով Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Լիբանանի Դեսպանին, ինչպէս նաեւ Տուպայի Լիբանանի հիւպատոսին հրաւէրին, Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Հոգշ. Տէր Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան, ընկերակցութեամբ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի ատենապետ՝ Հրայր Սողոմոնեանի եւ փոխ ատենապետ՝ Վահէ Երեցեանի, Ապու Տապիի Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ Բագրատ Պալապանեանի, Տուպայի եւ Հիւսիսային Էմիրութեանց Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ Մուշեղ Պետիրեանի եւ այլ ազգայիններու ներկայ գտնուեցաւ Լիբանանի անկախութեան տօնին առիթով կազմակերպած ընդունելութեան հաւաքին:
Հոգեշնորհ Հայր Սուրբը յանուն համայնքին փոխանցեց իր շնորհաւորութիւնը Լիբանանի անկախութեան տօնին, մաղթելով որ Լիբանանը ըլլայ խաղաղ եւ բարգաւաճ երկիր մը:
Այս առիթով յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Հոգշ. Հայր Սուրբը փոխանցեց Նորին Սրբութեան ողջոյնները Պրն. դեսպանին եւ հիւպատոսին: