Չորեքշաբթի 29 Յուլիս 2015-ին երեկոյեան ժամը 8:00-ին Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ համալիրի գրասենեակէն ներս Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Հոգշ. Տէր Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան հանդիպում մը ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Համազգայինի Մուշեղ Իշխան մեկուսի մասնաճիւղի նորընտիր վարչութեան հետ:
Շուրջ մէկ ժամ տեւող հանդիպման ընթացքին, Համազգայինի նորընտիր վարչութիւնը իր պատրաստակամութիւնը ցուցաբերեց աւելի ծրագրուած ու գաղութը աշխուժացնող նորանոր ծրագիրներ մշակել ու կազմակերպել, նկատի ունենալով այլ յանձնախումբերու գործունէութիւնը: Հոգշ. Հայր Սուրբը իր կարգին փոխադարձաբար իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց ամէն ձեւով օգտակար դառնալու համազգայինի ծրագիրներուն եւ անոնց յաջողութեան:
Հոգշ. Հայր Սուրբը իր խօսքին մէջ անգամը եւս շեշտեց թէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ համալիրը միակ հայկական կեդրոնն է Շարժա-Տուպայի մէջ, եւ այս կեդրոնը կը պատկանի Շարժա-Տուպայ հայութեան իր բոլոր խաւերով ու միութիւններով, հետեւաբար մեր աշխատանքը պիտի ըլլայ առաւել եւս մեր ժողովուրդը կապել այս համալիրին:
Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի