Նախագահութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տէր Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեանի եւ կազմակերպութեամբ Տուպայի եւ Հիւսիսային Էմիրութեանց Ազգային Վարչութեան տեղի ունեցաւ տարեկան յանձնախումբերու հաւաքը Շաբաթ, 19 Յունիս 2015-ին, Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ համալիրի Բիէր Քէօսէեան սրահէն ներս:
Ազգային Վարչութիւնը կ’ունենայ իրեն հետ գործող յանձնախումբերու տարեկան հանդիպումը որպէսզի աւելի աշխուժացնէ ու կազմակերպէ ազգային կեանքը թեմէն ներս: Այս առումով հիւսիսային էմիրութեանց Ազգային Վարչութեան հովանիին տակ կը գործեն Օհաննէսեան Ազգային Միօրեայ Վարժարանի Հոգաբարձութիւնը, Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդը, Տիկնանց Յանձնախումբը, Գեղարուեստական Յանձնախումբը, Երիտասարդական եւ Մարզական յանձնախումբը, Հայ Համալսարանականներու Յանձնախումբը (YAN), թեմի Տեղեկատուական եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100 Ամեակի Յանձնախումբերը:
Հանդիպման գլխաւոր նպատակն էր յանձնախումբերու անդամներուն միջեւ ծանօթացում, համագործակցութիւն եւ իրենց տարեկան ծրագիրներու ներկայացումը: Ժողովը սկսաւ երեկոյեան ժամը 7:30-ին Տուպայի եւ Հիւսիսային Էմիրութեանց Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ Մուշեղ Պետիրեանի բարի գալստեան խօսքով, որմէ ետք ժողովականները լսեցին յանձնախումբերու զեկոյցները ու տարեկան ծրագիրները: Փակման խօսքով հանդէս եկաւ Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Հայր Սուրբը, ան իր խօսքին մէջ շեշտեց թեմի կազմակերպման ու կառոյցի կարեւորութիւնը, նկատի ունենալով շրջանի նոր հանգրուանի մէջ գտնուիլը: Ան համագործակցութեան ու միասնականութեան մասին անդրադառնալով ըսաւ .-« Բոլորս ալ կ’աշխատինք մեր ինքնութիւնը ու հայութիւնը պահպանելու համար, եթէ բոլորս ալ կ’ուզենք լաւ ապագայ մը կերտել մեր զաւակներուն կոչուած ենք լաւագոյնս կազմակերպելու մեր ծրագիրները ի դիմաց գալիք մեր նոր սերունդին»: